Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Զահրատ

Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս, 1924, Պոլիս – 20 Փետրուար, 2007, Պոլիս), սփիւռքահայ բանաստեղծ։

Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, Կոստանդնուպոլիս, Նշանթաշ թաղամասը։1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը եւ յաճախած Իսթանպուլի համալսարանի դեղագործութեան ու բժշկութեան բաժանմունքները։ Երեք տարի միայն ուսանելէ ետք, կիսաւարտ թողած է իր ուսումը եւ նետուած է գործի ասպարէզ։

1940-ականներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ։ Իր տպագրեալ առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը»ն, լոյս տեսած «Ժամանակ» օրաթերթի 5 Սեպտեմբեր, 1943-ի թիւին վրայ։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ Այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ: Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Ուսման տարիներուն, ան միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: Զահրատ եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիր անդամը (1946-ին), ինչպէս նաեւ խմբագիր միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթի կիսամսեայ գրական էջերը։

Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածներ, որոնք 2006-ին «Արաս» հրատարակչատան կողմէ ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ։ Իսկ իններորդ հատորը՝ «Դդումի համ»ը հրատարակուած է յետմահու։ Իր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու, արժանացած է զանազան շքանշաններու, պատուագիրերու եւ մրցանակներու։

Մահացած է 20 Փետրուար 2007-ին։ Մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Զահրատ հազուադէպօրէն գործածած է հետեւեալ ծածկանունները՝ Զարեկ, Իշխանաձուկ, Միքայէլ Թորոսեան, «Յ», «Զ» եւ Լուսարձակ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին