Շաբաթ, 19. 04. 2025

spot_img

Խմբագրական «Զարթօնք»ի. Համաշխարհայնացումի Վտանգը Այսօ՛ր Նոյնինքն է, Այն Ի՛նչ Յազկերտի Վերջնագիրն Էր Երէկ

Համաշխարհայնացումը (globalization) ընդամէնը նոր բառ մըն է հին երեւոյթի մը, որ եթէ այսօր նաեւ կրնանք ամերիկայնացում կամ արեւմտայնացում բառով ներկայացնել, մարդկային պատմութեան մէջ, ո՛չ մէկ ատեն բացակայ եղած է, որպէս տարբեր պիտակներով յայտնուած երեւոյթ: Անոր հիմքը կը կազմէ տուեալ ժամանակի մը հզօր քաղաքակրթութեան մը շղթայազերծած քաղաքատնտեսամշակութային արշաւին՝ կլանելու համար իր ճամբուն վրայ գտնուող համեմատաբար աւելի փոքր քաղաքակրթութիւնները:

Հելլէնականութիւնը, հռոմէականութիւնը, պարսկական տիրապետութիւնը, յունական կայսրութիւնը, արաբական արշաւանքը, եւրոպական գաղութարարութիւնը, սովետականացումը եւայլն, բոլորն ալ մարդկային պատմութեան ընթացքին իւրաքանչիւրը կամ զուգահեռաբար իր շրջանին փորձած «համաշխարհայնացում»ի փորձեր էին, որոնք իրենց օրին եւ հին աշխարհի սահմաններուն մէջ բանեցուած էին տուեալ ատենի մը համար:

451 թուականին վարդանանց քաջերուն պայքարը այլ բան չէր, եթէ ոչ այդ օրուայ «համաշխարհայնացում»ի վտանգին դէմ անհաւասար՝ սակայն քաջարի պայքար մը, Հայ ժողովուրդի մշակոյթը ուրոյն պահելու եւ չենթարկուելու իրեն համար օտար՝ պարսկական մշակոյթին ու անկէ բխելիք տարիներու վրայ երկարելիք քաղաքատնտեսամշակութային ազդեցութեան:

Վարդանանց քաջերու, ոմանց համար ռոմանթիք «բարոյական յաղթանակ»ը կը կայանայ ահաւասիկ հետեւեալ բանին արժեւորումով: Վարդանանք զոհուեցան: Աւարայրի ճակատամարտը գործնական եւ նիւթական իմաստով պարտութիւն էր, սակայն այդ քաջարի դիմադրութեան հեռակայ արդիւնքը հանդիսացաւ հայկական մշակոյթը ուրոյն պահել յետագայ դարերուն եւ զայն հասցնել մեզի:

Համաշխարհայնացումը այսօր մերթ թաւշեայ, մերթ մեխակեայ, երբեմն այսպէս կոչուած «մարդու իրաւունքներու» կամ սփիւռքի մէջ իբր թէ առողջ ընկերային համարկումի՝ խորքին մէջ երկարաժամկէտ ձուլումի, պիտակներով կը սպառնայ մեր ժողովուրդին ու անոր դարաւոր արժէքներուն: Համաշխարհայնացումի վտանգը այսօր նոյնինքն է, ինչ, որ էր Յազկերտի վերջնագիրը հայ ժողովուրդին զրադաշտութիւնը ընդունիլ տալու: 451 թուականին վարդանանք գիտցան կեանքի գնով մարտնչիլ այդ վտանգին դէմ: Մենք պիտի կրնա՞նք նոյնը ընել, թէ տարուած նորօրեայ «Յազկերտ»ին ներկայացուցած վարդագոյն երանգներով կորսնցնենք այն ինչ, որ արեան գնով հասած է մեզի:

Մենք կը հաւատանք, որ Հայ ժողովուրդը հակառակ իր մարդկային բացթողումներուն, միշտ ծնած է վարդաններ, որոնք օրհասական ճիշդ պահուն գիտցած են իրենց անձը նուիրել ազգին զոհասեղանին ու ապահովել իրենց դարաւոր ժողովուրդին գոյերթը յաջորդող դարերուն մէջ:

«Վասն հայրենեաց, վասն մեր արժէքներուն. Յառաջ»:

 

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին