Դերենիկ Դեմիրճեան (Դեմիրճօղլեան) (18 Փետրուար 1877 – 6 Դեկտեմբեր 1956, Երեւան), գրող, հրապարակախօս։
Ծնած է Ախալքալաք (Ջաւախք գաւառ), այժմ՝ Վրաստան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Իսկ միջնակարգ ուսումը առած է Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանէն եւ Ներսէսեան վարժարանէն (Թիֆլիս)։
Դեռ աշակերտ՝ աշխատակցած է կովկասեան գրական մամուլին(«Մուրճ»)։ Ու հազիւ քսանամեայ՝ հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն։
1905-էն՝ Զուիցերիա, ամբողջ հնգամեակ մը, հետեւած է համալսարանական ուսումի՝ գիտական ճիւղեր։ Մշակած է նաեւ երաժշտական իր հակումը, տեղւոյն մէկ երաժշտանոցին մէջ հետեւելով ջութակի դասերու։
1910-ին Թիֆլիս դարձած՝ նուիրուած է ուսուցչութեան եւ գրականութեան։ Յաջորդաբար հրատարակած է բանաստեղծութիւններու եւ քառեակներու զոյգ ժողովածուներ։ Նաեւ թատերգութիւններ, պատմական կամ նոր ժամանակներէ առնուած նիւթերով։
1920-էն փոխադրուած է Երեւան եւ քաջալերանք գտած՝ խորհրդային վարչակարգէն։
Հայաստանի խորհրդայնացում էն ետք, Դեմիրճեան տրուած է թատերական եւ վիպական բազմաթիւ գործեր, օրինակ՝ Քաջ Նազարը եւ Ֆոսֆորային Շողերը:
Պատերազմի տարիներուն (1940-1945) գրած է «Անխուսափելին», «Խոշտանգուածի աւանդը» եւ այլն: Իր վերջին եւ կարեւորագոյն գործը կը նկատուի «Վարդանանք» պատմավէպը:
Դեմիրճեան գրելու վրայ իր պատմական նոր վէպ մը, եւս՝ Մեսրոպ Մաշտոց կը մահանայ, եւ գործը կէս կը մնայ: Իր երկերու ժողովածուն հրատարակուեցաւ եօթը հատորներով Հայաստանի մէջ: