Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ծերենց

Ծերենց, Յովսէփ Շիշմանեան (16 Սեպտեմբեր 1822, Իսթանպուլ — 17 Փետրուար 1888, Թիֆլիս), հայ գրող, հրապարակախօս, բժիշկ ու պատմավիպագիր։

Ծնած է 16 Սեպտեմբերի 1822-ին, Պոլիս։ Տասը տարեկանին կ’երթայ Վենետիկ՝ Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը ուսանելու։ Դասընկեր կ’ունենայ Ղեւոնդ Ալիշանը, որուն զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական լուրջ ուսում ստանալէ ետք, կը հրաժարի վանական դառնալու մտադրութենէն ու 1840-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։

1848-ին Օգոստոսի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ Հայաստանի եւ Կովկասի պատմական քաղաքները՝ Կարին, Կարս, Ալեքսանդրապոլ եւ Թիֆլիս ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ա՛լ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ։

1848-ին Ծերենց կը մեկնի Փարիզ։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միանգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին։ Ան կը ծանօթանայ Նահապետ Ռուսինեանին եւ իր ընկերներուն հետ ու անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ 1853-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ Պոլիս:

1862-ին Սկիւտարի մէջ հիմը կը դրուէր Համազգեաց անուն բարեգործական ընկերութեան մը՝ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, բժիշկ Նահապետ Ռուսինեանի, Ծերենցի եւ ուրիշներու ջանքերով։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր։ 1863-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։

1875-ին Ծերենց հազիւ ստանձնած էր Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարական բժիշկի պաշտօնով կ՚ուղարկուի Կիպրոս։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք իբրեւ կասկածելի մեկուսացնելու համար։ Կիպրոսի մէջ, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի 1877-ին, Պոլսոյ մէջ։ Ծերենց յաջորդ տարին կը վերադառնայ ծննդավայրը, ուրկէ կ’անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ’անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով հայոց պատմութիւն Ներսիսեան վարժարանի մէջ։

1879-ին Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ 1881-ին երրորդը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»ն։ 1884-ին, իր դստեր Թագուհիի մահով, Ծերենց խորապէս կ՚ընկճուի եւ տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ոգեւորութիւնը։ Ան կարճ ժամանակով կ’անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անկարող կ’ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար կը մահուան 17 Փետրուար 1888-ին։ Ծերենցի աճիւնը կ’ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, Րաֆֆիի եւ Գրիգոր Արծրունիի հողակոյտերուն մօտ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին