Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ժորժ Սիմենոն

Ժորժ Սիմենոն (13 Փետրուար 1903, Լիեժ, Վալոնիա — 4 Սեպտեմբեր 1989, Լոզան)` Պելճիքացի գրող է, գաղտնի ոստիկանական-հոգեբանական ոճի աշխարհահռչակ ներկայացուցիչներէն է, ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան թագաւորական ակադեմիայի անդամ։ Միեւնոյն ժամանակ 20-րդ դարի ամենաշատ ընթերցուող հեղինակներէն մէկը։

Ծնած է 1903 Փետրուար 13-ին Պելճիքայի Լիեժ քաղաքին մէջ, ապահովագրական ընկերութեան հաշուապահի ընտանիքի մը մէջ։ Դպրոցը աւարտելէն ետք դարձած է գրախանութի վաճառող, ապա սկսած է թղթակցիլ տեղական թերթին։ Գրականութեան նուիրուելու ձգտումը անոր հանգիստ չէ տուած, եւ 1992-ին Սիմենոնը գացած է «նուաճելու» Փարիզը։ Այստեղ ան ներդնելով իր երիտասարդական ամբողջ եռանդը, իրար ետեւէ կատարած է հրատարակիչներու պատուէրները։ Մօտ տասը տարի գրած է երկու հարիւրի հասնող կարճ վէպեր ու պատմուածքներ՝ բոլորն ալ արկածային ու գաղտնի ոստիկանական նիւթերով։ Այնուամենայնիւ, անոր գրիչը աւելի բեղուն դարձած է կոմիսար Մեկրէի կերպարի յայտնութեամբ։ Ան նոր բնոյթ հաղորդեց ոստիկանական վէպի ոճին։ Այդ կերպարի միջոցով Ժորժ Սիմենոնը վեր հանեց պուրժուական աշխարհի հակասութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին