Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մերի Քուանթ

Տէյմ Պարպարա Մերի Քուանթ (անգլերէն՝ Dame Barbara Mary Quant, 11 Փետրուար, 1934, Լոնտոն, Անգլիա), անգլիացի ոճաբան, հագուստի գծագրիչ։ Կարճ կիսաշրջազգեստներու ստեղծողներէն մէկը կը համարուի։

Ծնած է Լոնտոն, աւարտած է Կոլտսմիթի գեղարուեստի քոլէճը։ Նոյեմբեր 1955-ին, ապագայ ամուսինի՝ Ալեքսանտր Փլանքիթ Կրինի եւ ընկերոջ՝ Արչի Մաքնեյրի հետ Չելսիի մէջ կը բանայ «Պազար» խանութը, ուր կը ներկայացնէր 1960-ական թուականներու երիտասարդական առօրեայ հագուստի ոճը։ Այդ ժամանակ տարածում կը գտնէ իգականութեա գաղափարը․ կանացիութիւնը դասական հասկացութեան մէջ դուրս կը գայ նորաձեւութենէն («հեշտալի մարմինը» կոչուած)։ Փոխարէնը, նորաձեւ կը համարուին երկար բարակ ոտքերը եւ այդ պատճառով Մերի Քուանթ կը պատրաստէ կարճ կիսաշրջազգեստը։ Կը յօրինէ «Լոլիթա» եւ «Աշակերտուհի» կերպարները։ Կը ներկայացնէ Wet հաւաքածուն՝ անձրեւանոցներ եւ ցածրակրունկ կօշիկներ։ Ոչ գործնական փոքր պայուսակները կը փոխարինէ երկար գօտիներով ուսէն կախուած պայուսակներով։ Անոր շնորհիւ են նորաձեւութեան դասակարգին կը մտնեն մարմինը պիրկ գրկող բազմագոյն տաբատները, բարձր կրունկով կօշիկները, հասարակ կարճ մազի ձեւը եւ վառ դիմայարդարումը։ Բացի այդ, Մերի Քուանթին կը համարուի The Rolling Stones-ի իւրայատուկ ոճի ստեղծումը, որ մաքուր եւ սանտրուած Պիթըլզներու հակապատկերն էր։ Մերին առաջիններէն էր, որ սկսաւ համադրական նոր նիւթեր օգտագործելու։ 1962-ին, Քուանթը ստեղծեց կարճ կիսաշրջազգեստներով հաւաքածու, իսկ 1966-ին 16 տարբեր ընկերութիւնների հետ կ՛աշխատէր։ Նոյն թուականին ստացաւ Անգլիական կայսրութեան շքանշան:

1970-1980-ական թուականներուն, Քուանթն կ՛աշխատէր զարդատեղի եւ տան պարագաներու գծագրութեան վրայ, իսկ 1988-ին նախագծեց «Մինի» ինքնաշարժի ներքին ձեւը։ Ներկայիս կը զբաղի առանձին ապրանքներու նախագծմամբ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին