Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Յովհաննէս Ադամեան

Յովհաննէս Ադամեան (5 (17) Փետրուար 1879, Պաքու, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն — 12 Սեպտեմբեր 1932, Լենինկրատ), հայ ճարտարագէտ եւ գիւտարար, գունաւոր հեռուստացոյցի յայտնագործող:

Աւելի քան 20 յայտնագործութիւններու (հիմնականին մէջ հեռուստատեսութեան եւ լուսահեռագրման բնագաւառներու ծիրէն ներս) եւ լուսահեռագրման համակարգի հեղինակ:

Ճարտարագէտ-գիւտարար Յովհաննէս Ադամեանը ծնած է Պաքուի մէջ` խոշոր նաֆթային ընկերութիւն ունեցող ընտանիքի մը մէջ: Դեռ աշակերտական նստարանէն Յովհաննէսի մէջ նկատելի էր պրպտելու եւ ուսումնասիրելու ձգտումը: Ուսանելով Միւնիխի եւ Պեռլինի համալսարաններուն մէջ` ան կը մասնագիտանայ թեքնիք գիտութիւններու բնագաւառէն ներս:

Որոշ ժամանակ ետք Ադամեանը կը մեկնի Փարիզ եւ դասախօսութիւններու կը հետեւի Սորպոնի համալսարանին մէջ: Ուսումնառութենէն ետք ան կը սկսի զբաղիլ պատկերները հեռաւորութեան վրայ հաղորդելու խնդիրով եւ սերտ կապեր կը հաստատէ եւրոպական շարք մը երկիրներու գիտական ու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ նշանաւոր գիտնականներու հետ:

Գերմանիոյ մէջ Ադամեանը սեփական միջոցներով ստեղծած էր տարրալուծարան մը եւ կատարած էր շարք մը գիւտեր (1908 թուականին առաջին անգամ հիմնաւորած էր էլեկտրականութեան միջոցով պատկերի հաղորդման ու վերարտադրման հնարաւորութիւնը, իրագործել գունաւոր պատկերը հաղորդալարերով 600 քմ հեռաւորութեան վրայ հաղորդելու առաջին փորձը): 1913 թուականի վերջերուն Ադամեանը տեղափոխուած է Ռուսաստան եւ մշտական բնակութիւն հաստատած Փեփրոքրատ (Լենինկրատ) մինչեւ 1932 թուականը: Այստեղ նոյնպէս սեփական միջոցներով ստեղծած է տարրալուծարան մը եւ շարունակած է գիտական փորձերը: Այս ժամանակահատուածին մէջ ան ստացած է 21 արտօնագիր, որոնցմէ երկուքը` հեռուստատեսութեան բնագաւառին մէջ: 1918 թուականին ան ստեղծեց Ռուսաստանի մէջ առաջին սարքը, որ կը ցուցադրէր սեւ եւ սպիտակ պատկերներ (ստատիկ պատկերներ), ինչ որ մեծ քայլ էր հեռուստատեսութեան զարգացման բնագաւառին մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին