Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սէթ Արսէնեան

Սէթ Արսէնեան (4 Փետրուար 1902, Վան — 1988, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա)  հոգեբան, մանկավարժ։ Դոկտ. Փիլիսոփայութեան, այս տիտղոսը ստացած է Գոլոմպիայի համալսարանէն, այդ առթիւ պատրաստած է գիտական հիմունքներու վրայ հաստատուած եւ փորձարկութիւններով ճոխացած մանկավարժական կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը՝ զոր գիրքի ձեւով ի լոյսը ընծայած է Գոլոմպիա Համալսարանի Ուսուցչաց Գոլէճի Հրատարակչական մարմինը՝ 1937-ին:

Տոքթ. Արսէնեան ծնած է Վան, շուրջ 1900-ին եւ տեղւոյն Նորաշէնի ծխական դպրոցի մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Յետոյ յաճախած է Երամեան վարժարանը մինչեւ 1915: Այդ տարին Կովկաս գաղթելէ յետոյ աշակերտած է Էջմիածնայ Գէորգեան Ճեմարանին մինչեւ 1916 Փետրուար, որ է անոր փակման թուականը: Անկէ փոխադրուած է Երեւան թեմական վարժարանը՝ զոր աւարտած է 1918-ին: Հայաստանէն Պոլիս անցնելով երեք տարի աշակերտած է Ռոպէրթ Գոլէճի, ուրկէ Պսակաւոր Արուեստից (B. A.) տիտղոսով շրջանաւարտ եղած է 1926-ին: Այս շրջանին ստացած է Ուաշպըրն ուսանողական պարգեւը, որ իւրաքանչիւր տարի կը տրուի բարձրագոյն նիշը առնող աշակերտի: 1926-1930 Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ պաշտօնավարած է թէ՝ որպէս ուսուցիչ եւ թէ՝ որպէս արձանագրութեանց օժանդակ պաշտօնեայ: 1930-ին գացած է Նիւ Եորք եւ յաճախած Գոլոմպիա համալսարանը, ուրկէ 1932-ին ստացած է Մագիստրոս Արուեստից (M. A.) տիտղոսը եւ վերջերս ալ Փիլիսոփայութեան Դոկտորի տիտղոսը (Ph. D.):

Ապա պաշտօնավարած է Թիչըրդ Գոլէճի մէջ, որպէս մասնաւոր օգնական Մանկավարժական Դպրոցի քարտուղարին: Անդամ եղած է Kappa Delta Pi-ի եւ Ամերիկեան Հոգեբանական Ընկերութեան: Անդամ եղած է Ամերիկահայ Գիտական Միութեան՝ որուն նախագահութիւնը վարած է երկիցս: Աշխատացած է Կովկասի եւ Պոլսոյ բազմաթիւ թերթերուն. Ինչպէս եւ Հայաստանի Կոչնակի: Պատրաստած է երկու ուսումնասիրութիւններ՝ որոնք շուտով լոյս կը տեսած են Բրիտանական եւ Ամերիկեան Հոգեբանական կրկնակ հրատարակութեանց մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին