«Միջ-Եկեղեցական Շարժումը Կարիքը Ունի Նոր Տեսլականի»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ, 31 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջ-եկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջ-եկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորիայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Գենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:
Վեհափառ Հայրապետը, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով յիշեց, թէ «միջ-եկեղեցական շարժումը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց աշխարհի մը մէջ, որ արմատական ու մնայուն փոփոխութեան մէջ է: Հետեւաբար, պահելով հանդերձ իր հիմնական ուղղութիւնը ու նպատակը՝ անհրաժեշտ է, որ միջ-եկեղեցական շարժումը կարենայ քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն հետ՝ առնչուած ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու կեանքին եւ առաքելութեան»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց օրակարգի հարցերը, համագումարի աշխատանքներուն ընթացքն ու հանգրուանները եւ իր սպասումը համագումարէն:
Ընտրուեցան երկու համա-ատենապետներ եւ համագումարին յայտարարութիւնը խմբագրելու կոչուած յանձնախումբ մը: Համագումարին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Շուրջ ժամ մը տեւող դասախօսութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով նախ պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ կացութիւնը՝ դրական ու բացասական երեսներով, յառաջացած տագնապներով եւ երեւան եկող նոր երեւոյթներով: Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս մարզերու:
Առաջին բնագաւառէն ներս Վեհափառը իր խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ շեշտելով, թէ ան «անհրաժեշտ է որ դուրս գայ ծէսի, դաւանանքի ու վարչակազմակերպչական կեանքի նեղ սահմաններէն ու դառնայ ժողովուրդի եկեղեցին: Եկեղեցին ճշմարտօրէն ինքզինք կ’ըլլայ՝ ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար: Այսօր եկեղեցին լուրջ տագնապներու դիմաց է: Խրամատը հաւատալուն եւ պատկանելուն սկսած է դառնալ աւելի խոր: Հաւատացեալները սկսած են հեռանալ եկեղեցիէն: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ հսկայ տաճարներ սկսած են վերածուիլ թանգարաններու ու ճաշարաններու: Զարմանալի է, բայց իրաւ. եկեղեցին կը տկարանայ, իսկ Քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ …: Հո՛ս է տագնապը. եկեղեցւոյ ինքնակղզիացումը աւելի պիտի շեշտուի, եթէ ան չկարենայ իր պատերէն դուրս գալ եւ իր շուրջ համախմբել ժողովուրդը: Այս երեւոյթը իր լուրջ հետեւանքները ունի միջ-եկեղեցական շարժումին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումը իր կառոյցներէն դուրս բերելու եւ դէպի ժողովուրդ ուղղելու հրամայականին: «Միջ-եկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակներուն առաւելաբար շեշտը դրաւ կազմակերպչական հարցերուն ու ծրագիրներուն եւ շատ բան կորսնցուց շարժում ըլլալու բնոյթէն եւ իբրեւ հետեւանք համաշխարհայնացումի՝ տարբեր նկարագիր ու ուղղութիւն սկսած է առնել: Ինչպէս եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւնները փոխուած են, նաեւ սկսած են փոխուիլ միջ-եկեղեցական շարժումին առաջնահերթութիւնները: Եկեղեցիներ կը նախընտրեն իրարու հետ գործակցիլ ո՛չ թէ կառոյցներուն շուրջ, այլ՝ կառոյցներէն դուրս եւ քննել այնպիսի հարցեր, որոնք անմիջականօրէն աղերս ունին ներկայ ընկերութեան տագնապներուն հետ: Եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, միջ-եկեղեցական շարժումը կոչուած է վերատեսութեան երթարկելու իր օրակարգը ու գործելակերպը», յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը:
Իր դասախօսութեան երրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ միջ-եկեղեցական շարժումին երկու տարածքներուն մասին՝ շարժում եւ համախմբում: Պատմական ակնարկ մը կատարելով յիշեցուց, թէ «միջ-եկեղեցական շարժումը եկեղեցիներու խորհուրդներ ու համախմբումներ յառաջացուցած էր՝ եկեղեցւոյ միութիւնը ունենալով որպէս նպատակ: Ներկայ աշխարհի պայմանները եկեղեցիները մղած են առաւելաբար շրջանային ու տեղական մակարդակներու վրայ գործակցական ոչ-մնայուն մարմիններ յառաջացնելու եւ ոչ թէ մնայուն խորհուրդներ կամ կառոյցներ: Այս մօտեցման դրդապատճառները թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ գործնական են»: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ «շարժում մը շարունակուելու համար կարիքը ունի կառոյցի, այլապէս՝ ժամանակի ընթացքին կրնայ իր առաքելութիւնը կորսնցնել ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է կառոյցի մէջ չպարփակել միջ-եկեղեցական շարժումին նպատակը», թելադրեց Վեհափառ Հայրապետը:
Դասախօսութեան վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը զանազան մօտեցումներով պարզեց համայնական նոր տեսլականի մը իր պատկերացումը: «Միջ-եկեղեցական շարժումը չի կրնար հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու փոփոխութիւններէն ու տագնապներէն: Այլեւս դաւանական ու աստուածաբանական հարցերը չեն կրնար առաջնահերթ տեղ գրաւել թէ՛ եկեղեցիներու եւ թէ միջ-եկեղեցական շարժումի կեանքէն ներս: Եկեղեցիներու միութիւնը հեռաւոր նպատակ է: Անհրաժեշտ է որ եկեղեցիներ գործակցին հաւաքական արժէքներու ու ճշմարտութիւններու շուրջ համախմբուելով ի խնդիր արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղ գոյակցութեան ու համերաշխութեան: Այս ծիրէն ներս գործակցութիւնը կրօններուն ու ընկերութեան կառոյցներուն հետ հրամայական է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Եզրակացնելով իր խօսքը յիշեցուց, որ «ներկայ աշխարհը կը մերժէ որեւէ ձեւի ինքնակղզիացում: Պէտք է միասին ըլլանք, գործակցինք ու պայքարինք ընկերութիւնը քանդող չարիքներուն դէմ՝ համախմբուելով համայնական տեսլականի մը շուրջ»:
Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն ետք յաջորդող նիստերուն հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին գլխաւոր եկեղեցիներու եւ շրջանային խորհուրդներու ներկայացուցիչները: