Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հայկ Յովհաննէսի Եազմաճեան

Հայկ Յովհաննէսի Եազմաճեան (30 Յունուար 1898, Կոստանդնուպոլիս – 12 Փետրուար 1975, Երեւան), հայ բժիշկ, հոգեբոյժ, մանկավարժ, գիտնական, ազգային եւ հասարակական գործիչ։

Ծնած է 1898 թուականի Յունուար 30-ին, Կոստանդնուպոլիս։ Տարրական կրթութիւնն ստացած է Վառնայի մէջ, միջնակարգը՝ Կ. Պոլսոյ մէջ։ Բժշկական բարձրագոյն կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ (1918-1922 թթ․) եւ Փա­րի­զի (1923-1925 թթ․) համալսարաններուն մէջ։ Մասնագիտացած է հոգեբուժութեան մէջ։ 1927 թուականին Փարիզի համալսարանին մէջ արժանացած է բժշկութեան դոկտորի կոչման։ Փարիզի մէջ զբաղած է բժշկական, գիտական, հասարակական եւ ազգային գործունէութեամբ, եղած է Փարիզի Հայ բժշկական միութեան եռանդուն անդամներէն։

1936 թուականին, դառնալով ուղեկից Կոմիտասի աճիւնին, հայրենադարձուած է Խորհրդային Հայաստան։ 1936-1975 թուականներուն Երեւանի հանրապետական հոգեբուժական դարմանական բուժարանին մէջ հոգեբոյժ աշխատածէ։ Համատեղութեամբ աշխատած է Երեւանի պետական բժշկական ինստիտուտի հոգեբուժութեան ամպիոնէն ներս, որպէս օգնական, ինչպէս նաեւ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս, որպէս իրաւաբանական բաժնի դատական հոգեբուժութեան դասախօս։ 1944-1946 թուականներուն եղած է Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու ակադեմիայի բժշկութեան եւ կենսաբանութեան պատմութեան բաժնի գիտաշխատող եւ քարտուղար։ Եղած է խորաթափանց գիտնական, փորձառու դարմանագէտ, հմուտ մանկավարժ, ազնուագոյն անձնաւորութիւն։

1954ին պաշտպանած է գիտական թէզ՝ «Հո­գե­բու­ժա­կան հա­յացք­ները Հայաստանում հնա­գույն ժա­մա­նակ­նե­րից մին­չեւ 11-րդ դար» թեմայով եւ արժանացած բժշկական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճանին։ Դարմանական հոգեբուժութեան եւ հոգեբուժութեան պատմութեան վերաբերեալ աւելի քան 40 տպագրուած եւ անտիպ յօդուածներու հեղինակ է։ Ըլլալով բազմակողմանի զարգացած անձնաւորութիւն՝ եղած է նաեւ արուեստի մեծ սիրահար։ Պաշտած է Կոմիտասին, Մե­ծա­րեն­ցին ու շատ սիրած ֆրանսական մշակոյթը։ Ունի ֆրանսերէն եւ հայերէն գրուած անտիպ բանաստեղծութիւններու տետրակ եւ «Օրա­գիր»։ Հայկական ՍՍՀ վաստակաւոր բժիշկի կոչման արժանացած է (1966), մետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրուած։

Մահացած է 1975 թուականի Փետրուար 12-ին՝ Երեւան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին