Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալ–Տաուլեհ Զահրա Խանում կամ՝ Թաճ ալ–Սալթանէհ
Գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ իւրաքանչիւր կին կը փափաքի ունենալ. ոմանք, նոյնիսկ, վիրահատութեան կը դիմեն՝ գրաւիչ եւ հմայիչ տեսք ունենալու համար: Գե-ժղեցկութեան չափանիշը տարբեր է տարբեր մարդոց համար: Ոմանք կը համարեն, թէ կինը գեղեցիկ է, եթէ ան ունի լեցուն մարմին, իսկ ոմանց համար` նիհար եւ բարակ մարմինով կինը նախընտրելի է: Ամբողջ աշխարհի տարածքին գեղեցկութեան սահմանումն ու չափանիշները մշտապէս կը զարգանան եւ միշտ փոփոխութեան կ’ենթարկուին՝ ժամանակի փոփոխութիւններուն զուգահեռաբար:
Այս աշխարհին վրայ աւելի քան 7.8 միլիառ (երկիլիոն) մարդ կ’ապրի, եւ իւրաքանչիւր երկիր ունի գեղեցիկի իր չափանիշը:
Եթէ ձեզի հարց տան, թէ ո՞րն է կնոջ իրական գեղեցկութիւնը…դժուար թէ պատասխանէք՝ պեխերն ու թաւ՝ այր մարդուն վայել յօնքերը: Իսկ, ահա, ժամանակին գո-յութիւն ունէին երկու արքայադուստրեր, որոնք փոխեցին գեղեցիկի սահմանումը: Անոնք ինքզինքնին սովամահ չէին ըներ եւ ունէին պեխեր ու արտակարգ թաւ յօնքեր:
Այսօր պիտի ծանօթանանք երկու կիներու հետ, որոնք վերը ըսուածին կատարեալ օրինակներն են:
Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալ–Տաուլեհ (1855/6-1905): Գրուած է. «Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի դուստր Էսմաթ-Տաուլեհ, Տաստ Մուհամմատ խան Մուայէյր ալ-Մամլիկի կինը», եւ թուագրուած է՝ 19-րդ դարու կէսեր / վերջ:
Յաջորդը՝ «Արքայադուստր Զահրա Խանում կամ՝ Թաճ ալ–Սալթանէհ (1883–1936): Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի 12-րդ դուստրը եւ Էսմաթի խորթ քոյրը»:
Նախ քանի մը խօսք արքայադուստրերու հայրիկի մասին: Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարը Պարսկաստանի թագաւորն էր. երրորդ ամենաերկար եւ ամենահզօր կառա-վարիչներէն մէկը, որ ղեկավարեց երկիրը 48 տարի՝ 1848-1896 թթ: Թէեւ ան թագա-ւոր էր, սակայն յարգուած չէր տեղի ցեղային եւ կրօնական առաջնորդներու կող-մէն, որոնք անոր սահմանած կանոններուն եւ օրէնքներուն չէին հնազանդիր:
Ան պարսիկ առաջին ժամանակակից միապետն էր, որ պաշտօնապէս Եւրոպա այցե-լեց 1873, 1879 եւ 1889 թուականներուն: Ան շատ խելամիտ եւ զարգացած անձնաւորութիւն մըն էր: Տաղանդաւոր նկարիչ եւ գրող, հետաքրքրուած էր պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ:
Նասր ալ-Տին թագաւորը փորձեց փոխել կանանց գեղեցկութեան կարծրատիպերը: Ան համոզուած էր որ կանայք գեղե-ցիկ եւ գրաւիչ տեսք ունենալու համար պարտադիր չէ բարակ կազմուածք, հարթ մաշկ եւ գունատ տեսք ունենան: Թագա-ւորը շատ կը սիրէր գեղեցիկ կանանց. ան այդ ժամանակ ամե-նամեծ հարեմը ունէր. հարեմի մէկ այլ տեսակ՝ պեխեր կամ դէմքին մազեր ունեցող 100 կիներէ բաղկացած:
Արդեօ՞ք ատիկա աւանդոյթ էր, թէ՞ պարզապէս Նասր թագաւորին նախասիրութիւնը: Ինչեւէ՝ իւրաքանչիւր մարդ գեղե-ցիկի մասին իր ճաշակը ունի:
Թագաւորն ունէր նաեւ անմիջականօրէն հարեմի պատմութեանն առնչուող մէկ այլ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն՝ լուսանկարչութիւնը: Անգլիա կատարած այցերու ընթացքին ան առիթը ունեցաւ մանրամասն ծանօթանալու եւ հասկնալու լուսանկարչական գործընթացը: Ապա հարկ համարեց, որ լուսանկարչութիւնը տարածում ստանայ իր հայրենիքին մէջ եւ հիմնեց առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը Պարսկաստանի մէջ, որ կը գտնուէր Կոլեստան պալատէն ներս:
Նկարներէն քանի մը հատին մէջ կիները պալէի պարուհիի նմանող հագուստներ հագած են, ինչը պէտք է որ անսովոր ըլլար պարսկական սովորոյթներուն. սակայն ատիկա իր բացատրութիւնն ունի:
1873-ին Նասր թագաւորը այցելեց Սանքթ Փիթերսպուրկ, եւ Ալեքսանդր II-ի հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ պալէի ներկայացման, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց իր վրայ: Տուն վերադառնալով, ան պալէի գոյութեան մասին տեղեկացուց իր հարեմին եւ ցանկացաւ որ կիներէն ոմանք կրեն պալէին յարմարեցուած հագուստներ:
Բոլոր պատկերները թագաւորը կը պահէր մասնաւոր ալպոմներու մէջ, որոնք մինչեւ այժմ կը գտնուին թանգարանի վերածուած Կոլեստանի պալատին մէջ:
Անտեսելով իր ժողովուրդի դժգոհութիւնը, ան միեւնոյն է կարգ մը խոշոր բարեփոխումներ կատարեց, ինչպիսիք են՝ ճանապարհներ, հեռագրային եւ նամակատնային ծառայութիւններ կառուցելը եւ զինուած ուժերու քանակի յաւելումը:
Նասր ալ-Տին Շահը սպաննուեցաւ Շահ-Ապտըլ-Ազիմի սրբավայրին մէջ աղօթելու պահուն:
Վերադառնանք արքայադուստրերու պատմութեան. պատմութիւն, որուն հիմքը կը կազմէ երկու պարսիկ արքայադուստրերու պատմութիւնը, որոնք կը մերժէին իրենց ժամանակի՝ կանանց համար սահմանուած անընդունելի չափանիշները:
Արքայադուստր Ֆաթեմէհ Խանում Էսմաթ ալ–Տաուլէն Պարսկաստանի Նասր ալ-Տին Քաճար թագաւորի եւ անոր կիներէն մէկու՝ Թաճ ալ-Տաուլէի դուստրն էր:
Անոր գեղեցկութիւնն, անշուշտ, չի համապատասխաներ այսօրուան գեղեցկութեան չափանիշներուն, սակայն Էսմաթը՝ իր ժամանակի համար բացառութիւն չէր: Կը պարզուի որ այդ ժամանակաշրջանին Պարսկաստանի մէջ գեղեցիկ կը համարուէին պեխերով կիները: Այդ մասին կը տեղեկանանք Հարվըրտի համալսարանի Դոկտոր Նաճմապատիի գիրքէն՝ «Պեխերով Կիներ Եւ Անմօրուք Այրեր. Սեռային եւ Իրանական Արդի Սեռական Անհանգստութիւններ» (Women with Mustaches and Men without Beards: Gender and Sexual Anxieties of Iranian Modernity):
Էսմաթին անանուն ձգելով` միայն ընդհանուր կոչած են՝ «Արքայադուստր Քաճար»:
Արքայադուստր Ֆաթեմէհը Քաճար տոհմի ամենաազդեցիկ եւ զօրաւոր կիներէն մէկն էր: Ան Նասր թագաւորի հարեմի ամենաշատ լուսանկարուած կիներէն էր, եւ իր լուսանկարներու մեծ մասը կատարուած է իր իսկ ամուսնոյն ձեռքով:
Որպէս Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի երկրորդ դուստր ՝ Էսմաթին հայրը կը վստահէր եւ անոր յանձարարած էր արտասահմանցի կին հիւրերը արքունի մէջ ընդունելու պարտականութիւնը: Էսմաթը անչափ համարձակ կին էր, եւ չհնազանդելով տիրող աւանդոյթին, սորվեցաւ դաշնակ նուագել եւ լուսանկարել ու իր տունին մէջ իր անձնական սթուտիոն հիմնեց: Էսմաթը իրաւասու եւ բաւականին գործունեայ կին էր:
Արուեստի պատմաբան, դոկտոր Սթէյսի Շէյվիլէրը կը պնդէ, որ Նասր ալ-Տին Շահ Քաճարի հարեմի կանանց լուսանկարները ապացոյցն են Պարսկասատանի մէջ այդ ժամանակաշրջանին կանանց յեղափոխական գիտակցութեան զարգացման եւ Էսմաթի լուսանկարները ընկերային եւ մշակութային յեղափոխութեան կեդրոնն ու առաջնագիծը կը կազմեն:
Մինչ արքայադուստր Էսմաթը մարտահրաւէր կը նետէր աւանդոյթներուն եւ կ’ազդէր իր հօրը վրայ՝ որոշումներ կայացնելու ուղղութեամբ, Քաճար տոհմի մէկ այլ արքայադուստր հիմնովին կը փոխէր պարսիկ կանանց պատմութիւնը:
Եւ ատիկա Քաճար տոհմի միւս իշխանուհին էր, որ թիւրիմացաբար նոյնացուած է առաջինին հետ՝ նոյն «Արքայադուստր Քաճար» անուանման պատճառով:
Արքայադուստր Զահրա Խանում՝ Թաճ Սալթանէհ կամ Թաճ ալ–Սալաթանէհը ծնած է 1883-ի 25 Յունուարին: Քաճար արքայական ցեղի յուշագրողը՝ Նասր Էլ-Տին Շահի 12-րդ դուստրը (մայրը՝ Թուրան ալ-Սալթանէհ) եւ Էսմաթի խորթ քոյրը:
Իր ժամանակի գեղեցկութեան եւ կատարելութեան խորհրդանիշը կը համարուէր Թաճ Սալթանէհը:
Անշուշտ, դիտելով արքայադստեր պատկերները եւ համեմատելով ժամանակակից գեղեցկուհիներու հետ, զարմանալ կարելի է, թէ ինչո՞ւ ան գեղեցկութեան խորհրդանիշ ընդունուած է՝ իր իւրօրինակ թաւ յօնքերով, այր մարդու պեխերով եւ բաւականին կլորիկ մարմինով:
Սակայն ա՛լ աւելի զարմանալի է որ այս կինն իր կեանքի ընթացքին աւելի քան 100 սիրեկան ունեցած է, եւ բարձր ազնուական տոհմերէն՝ 145 թեկնածու փեսացուներ: Եւ ամէնէն զարմանալին այն է որ այդ թեկնածուներէն 13-ը անձնասպան եղած են, երբ արքայադուստրը մերժած է անոնց ամուսնութեան առաջարկը:
Սակայն անոր ձեռք բերած յաջողութիւնները արդիւնք չէին գեղեցկութեան հաստատուն չափանիշներէն հեռու ըլլալուն: Ան եւ իր քոյրը արժանիքներ ունեցող կանայք էին:
Նշենք որ Թաճն իր քրոջմէ շատ աւելի համարձակ եւ գործունեայ էր. այնպիսի բաներ կ’ընէր, որոնց մասին ոչ մէկ կին կը համարձակէր մտածել անգամ:
Արքայադուստրը կ’աջակցէր Պարսկաստանի մշակութային եւ սահմանադրական յեղափոխութեանը: Ան կը պայքարէր կանանց իրաւունքներու համար եւ կը համարուի իսլամական աշխարհի կանանց իրաւունքներու առաջին ջատագովը:
Ան եղած է «Իրանի Թաքուն Կանանց Իրաւունքներ» խումբի կամ Anjoman Horriyyat Nsevan՝ «Կանանց Ազատութեան Խմբակցութիւն»-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը, 1910 թուականէն: Ան գաղտնի կը կազմակերպէր եւ կը յաճախէր կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան թաքուն հաւաքներուն՝ իր երեխաներուն եւ թոռներուն ըսելով, թէ կ’երթայ կրօնական նստաշրջաններու մասնակցելու:
Սալթանէհը նաեւ գրող էր, շատ լաւ նկարիչ, մտաւորական (եղած է իր ժամանակի առաջին պարսիկ կին բանաստեղծուհին) եւ գործունեայ, որ շաբաթը մէկ անգամ իր տունին մէջ գրական հանդիպումներ կը կազմակերպէր: Ան կը տիրապետէր նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն եւ ջութակ կը նուագէր:
Սալթանէհը արքունի առաջին կինն էր, որ հանեց հիճապը (hijab) եւ արեւմտեան հագուստ հագուեցաւ: Նաեւ առաջինը, որ յուշագրեր գրեց եւ քննադատեց Իրանի բազմաթիւ հիմնախնդիրներ, ինչպէս օրինակ՝ աղքատութիւնը, զանգուածային կրթութեան եւ կրթութեան ոլորտի անբաւարարութիւնը եւ այլն: Ան դարձաւ իր ժամանակի առաջին լուսաւոր եւ առաջադէմ պարսկուհիներէն մէկը, առաջ անցնելով իր ապրած ժամանակաշրջանէն:
Արքայադուստրն ամուսնացած էր Սարդար Ամիր Հուսէյն Խան Շոճա ալ-Սալթանէհի՝ ազնուատոհմ եւ պաշտպանութեան նախարար Շոջահ ալ-Սալթանէհի որդւոյն հետ: Անոնք 4 երեխայ ունէին՝ երկու դուստր եւ երկու որդի, սակայն տարիներ անց Թաճը ամուսնալուծուեցաւ՝ կոտրելով բոլոր կարծրատիպերը եւ դառնալով թագաւորական ընտանիքի առաջին կիներէն մէկը, որ ամուսնալուծուեցաւ: Այդ տարիներուն ամուսնալուծութիւնն ամօթալի եւ անընդունելի կը համարուէր պարսկական հասարակութեան մէջ:
Աւելի ուշ Սալթանէհը դարձաւ պարսիկ բանաստեղծ Արէֆ Քազվինիի մուսան, որ իր համար գրեց «Էյ Թաճ» բանաստեղծութիւնը:
Յետագայ տարիներուն ան իր կեանքը նուիրեց իր սիրելի թոռնիկ Թաճ Իրանին գրել-կարդալ սորվեցնելուն եւ մեծցնելուն, որուն հետ առանձնայատուկ կապով կապուած էր:Մինչեւ իր մահը անիկա ապրեցաւ իր դստեր` Թուրան Տուլեհին հետ:
Սալթանէհը մահացաւ 1936թ. Յունուար 25-ին՝ 53 տարեկանին. թաղուած է Թաճրիշի Զահիր օտ-Տաուլեհ գերեզմանատանը: Անոր կեանքն ու գրութիւնները եւ կա-նանց իրաւունքներու պաշտպանի իր ունեցած դերը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի ուսում-նասիրութիւններու նիւթեր կը դասաւանդուին Թեհրանէն մինչեւ Հարվըրտի համալսարանները:
2015-ին Հարվըրտի համալսարանը անոր սերունդներէն ձեռք բերաւ ընտանեկան լուսանկարներ, գրութիւններ եւ պատմութիւններ՝ Թաճ Սալթանէհի կեանքի մասին:
Անոր յուշերը տպագրուած են “Crowning Anguish: Memoirs of a Persian Princess from the Harem to Modernity 1884–1914 “ խորագրով, եւ յուշերու ձեռագիրը կը պահուի Իրանի Ազգային Գրադարանին մէջ:
Չնայած Թաճ-ալ-Սալթանէհի յուշերը գրուած է 1914 -ին, սակայն չէ տպագրուած մինչեւ 1983 թուականը: Այս առաջին տարբերակը, որ իր մէջ կը պարունակէ նշանաւոր գիտնական Մանսուրէ Էթթեհատիէի եւ Սիրուս Սաատվանդեանի նախաբանը, հիմնուած էր Ռահմաթ-օլլահ Տաիի Թալեքանիի` Իրանի մէջ Աֆղանիստանի դեսպանութեան սպասաւորի ունեցած՝ Թաճ-ալ-Սալթանէհի բնօրինակ ձեռագիրի վրայ:
Թաճի յիշողութիւնները ցոյց կու տան որ ան ծանօթ էր երաժշտութեան եւ նկարչութեան արուեստներուն, ֆրանսական պատմութեանն ու գրականութեանը: Իրա-դարձութիւններու, վայրերու եւ մարդոց վարքային յատկութիւններու մանրամասն նկարագրութիւններով` Թաճ-ալ-Սալթանէի գրելու ոճը կը յիշեցնէ 19-րդ դարու ֆրանսացի գրողներուն: Անոր յիշողութիւնները, որ կը պատկերեն հարեմէն մինչեւ ժամանակակից կեանքի (1884-1914) բուռն բախումները՝ անձնական եւ հանրային աշխարհի, անհատական եւ հաւաքական յիշողութիւններու խառնուրդ մըն է:
Ահա թէ ինչ կը գրէ ան հօրը սպանութենէն յետոյ իր զգացած ցաւերու, իր մեծ տառապանքի մասին. «Իւրաքանչիւր դուստր իրաւունք ունի խօսիլ իր ցաւէն եւ տառապանքէն՝ հօրը մահուընէ յետոյ: Ես կը ցաւիմ հօրս սպանութեան համար նոյն-քան, որքան ցանկացած դուստր՝ իր հօրը մահէն վերջ: Բայց ես աւելի շատ կը տանջուիմ, եւ սիրտս կ’արիւնահոսի այս ջուրի, այս հողի, իմ հայրենիքիս համար, որ իմ տունն է՝ որուն մէջ ես մեծցած եմ: Այս պահուս, երբ ես կը գրեմ այս բառերը, կը զգամ, թէ տգիտութեան վարագոյրը տեղափոխուած է աչքերուս դիմաց. Անցեալի իրադարձութիւնները արագօրէն միտքէս կը սահին: Աւա՜ղ: Երկիրը եւ ժողովուրդը մէկ մարդու ագահութեան զոհը դարձած են»:
Քաճար քոյրերը գեղեցկութեան խորհրդանիշ չէին համարուէր իրենց պեխերու կամ թաւ յօնքերու համար, այլ՝ համարձակութեան, խելացիութեան, գործունեայ ըլլալու եւ Պարսկաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու համար պայքարի հիմնասիւնը հանդիսանալուն համար:
Արքայադուստրերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ կինը գեղեցիկ չէ միայն նուրբ կազմուածք եւ գեղեցիկ դէմք ունենալով: Գեղեցկութիւնն այն է, ինչ դուն կը զգաս ներսէն: Գեղեցկութիւնն այն չէ միայն, ինչ տեսանելի է աչքերուն. աւելի կարեւոր է ներքին՝ հոգեւոր գեղեցկութիւնը:
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ