Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գերսամ Ահարոնեան

Գերսամ Ահարոնեան (9 Նոյեմբեր 1916, Մարաշ — 20 Յունուար 1981, Պէյրութ), «Զարթօնք»ի խմբագրապետ, հրապարակագիր, մանկավարժ, ազգային-քաղաքական գործիչ։

Գերսամ Փանոսի Ահարոնեան ծնած է 9 Նոյեմբեր 1916-ին, Մարաշ, զէյթունցի ընտանիքի մէջ։ Եղբայրն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանի։

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ընտանեօք կ՚ապաստանին նախ Ատանա, ապա՝ Ալէքսանտրէթ, ուրկէ կը տեղափոխուին Հալէպ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանին, իսկ երկրորդականը՝ Ալեփփօ Գոլէճին մէջ 1929-էն 1935։ 1935-էն 1937 կ՚ուսանի Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Վարժապետանոցի բաժինին մէջ, տեսուչ ունենալով Վահան Թէքէեանը, իսկ տնօրէն՝ Դոկտ. Յակոբ Թոփճեանը։ Աւարտելէն ետք, մինչեւ 1942 կը դասաւանդէ նոյն Հաստատութեան մէջ։

Պէյրութ վերադառնալով, ան կը դառնայ British Mission-ի մամլոյ կցորդ, միեւնոյն ժամանակ Միջազգային եւ Հայոց Պատմութիւն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ, գրեթէ 30 տարի։ 1966-էն կը դասաւանդէ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն ներս, աւանդելով Հայոց Պատմութիւն եւ Հայաստանի Պատմական Աշխարհագրութիւն։

1948-ին կը ստանձնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Զարթօնք» պաշտօնաթերթին խմբագրապետի պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ մահը՝ 1981։

1969-ին Նիւ Եորքի Միջազգային Ակադեմիան, Գ. Ահարոնեանին կը շնորհէ Պատուակալ Դոկտորի կոչում։ Գերսամ Ահարոնեան կը մահանայ 1981 Յունուար 20-ին, Պէյրութի մէջ։

1942-ին, Գերսամ Ահարոնեան կ՚անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան։ Տարբեր տարիներու եւ տարբեր հանգամանքներով անդամակցած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան։

Ահարոնեան հիմնադիրներէն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան (1947)։

Անդամակցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին, որուն ատենադպիրը եղած է երկար տարիներ։ 1961-ին կ’արժանանայ «ՀԲԸՄ-ի Վեթերան»ի վկայականին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին