Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի, (17 Յունուար 1940, Գահիրէ – 25 Յունիս 2015, Պէյրութ),Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։

Հինգերորդ զաւակն է ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը։ Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու Գոլէճներուն մէջ։

Կանուխէն քահանայական կոչումը զգալով, ան ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Դպրեվանքը, եւ յաճախած է Գրիգորեան Համալսարանը փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու։ Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 15 Օգոստոս 1965-ին, ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Եպս. Պայեանի եւ ստանձնած է Գահիրէի ժողովրդապետութեան պատասխանատուութիւնը, օժանդակելով Գեր. Յովհաննէս Վրդ. Գասպարեանի, յետագային՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք։ 1968-էն 1990, եղած է ժողովրդապետ Հելիոպոլսոյ «Գահիրէ»։ եկեղեցւոյ, յատկապէս քաջալերելով զանազան հոգեւոր շարժումներու գործունէութիւնը։

18 Փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամեն. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

1992-էն 1997, իբր անդամ Եգիպտոսի կաթողիկէ Նուիրապետութեան, ան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօն վարած է Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուական խորհուրդին։ Իբր անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, ան եղած է յաջորդաբար՝ Անդամ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին՝ կառավարելու համար Պատրիարքական Ատեանը 1993-էն 1995:

Նախագահ Քահանայական Կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբին 1993-էն 1995:

Անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսի 1994-էն 1999:

Հոկտեմբեր 7, 1999-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած է Ներսէս Պետրոս ժԹ. անունը։ Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է նոյն ամսուան 24-ին։ 13 Դեկտեմբեր 1999-ին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Մասնակցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս «Փետրուար 2000», Յորդանան «Մարտ 2000», Սուրիա «Մայիս 2001» եւ Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001»:

Ան թիկունք հանդիսացած է Հայ կաթողիկէ համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի, Մասիս» ամսաթերթին։ Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Փետրուար 2002-ին, Կաթողիկոս Պատրիարքը առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկուա՝ նոր առաքելութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ սկսուած առաքելութիւնները։ Յունուար 2005-ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պազիլիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։

Յունուար 2005-ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»: Յուլիս 2006-ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։

Փետրուար 2008-ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կը կատարէ եւ կ’օրհնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակը եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձր անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմի ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսը կը մահանայ 2015 թուականի Յունիսի 25-ին Պէյրութի մէջ սրտի կաթուածով՝ 75 տարեկան հասակին:

2015 թ. սեպտեմբերի 16-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագրով հետմահու պարգևատրվել է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին