Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մարթին Լութըր Քինկ

Մ.Լ. Քինկը իր կրթութիւնը ստացած է Աթլանթայի Մորհաուս քոլէճին մէջ եւ զայն աւարտած 1948 թուականին, ապա (1951-ին) աստուածաբանութեան մէջ աստիճան ստացած է Փենսիլվանիոյ Չեսթըր քաղաքի Քրոզեր կրթօճախէն։ 1955-ին ստացած է փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճան Պոստոնի համալսարանէն։

1954 ան դարձաւ Ալապամայի Մոնթկոմերի քաղաքի հոգեւորական, ուր ան գլխաւորեց ցեղային խտրականութեամբ ղեկավարուող հանրային փոխադրամիջոցներու զանգուածային պոյքոթը։ Մ.Լ. Քինգը համաամերիկեան հռչակ ձեռք բերաւ՝ կազմակերպելով եւ ղեկավարելով «Քրիստոնէական ղեկավարման հարաւային խորհրդաժողովը», խրախուսելով քաղաքական գործունէութեան ոչ բռնի ռազմավարութիւն, ինչպիսին էր 1963. «Դէպի Ուաշինկթըն Երթը»՝ սեւամորթներուն քաղաքացիական իրաւունքներ շնորհելու պահանջով։

1965-էն սկսած Մ.Լ. Քինկի փորձերը՝ քաղաքական պայքարին մէջ ներառելու բոլոր ցեղերու ներկայացուցիչներուն ձախողեցան, եւ ան սպաննուեցաւ (ենթադրաբար՝ ծայրահեղականներու կողմէ) 1968 ապրիլի 4-ին, Մեմֆիսի մէջ։Մարթին Լութըր Քինկ, (15 Յունուար 1929, Աթլանթա, Ճորճիա – 4 Ապրիլ 1968 Մեմֆիս, Թենըսի), ամերիկացի ճարտասան քարոզիչ, որ առաջնորդած է ԱՄ Նահանգներու մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային շարժումը, 1950-ականներէն սկսեալ։ 1964-ին արժանացած է Նոպէլեան Մրցանակին (խաղաղութեան բնագաւառին մէջ), ոչ բռնի դիմադրութեան ձեւերով ցեղային հաւասարութիւն հաստատելու իր սկզբունքներուն համար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին