Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԷԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Հին Նոր Տարին

Հին Նոր Տարին, կամ Ուղղափառ Նոր Տարին, որ աւանդական տօնն է ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ, ըստ Յուլիական տոմարին, նոր տարուան սկիզբն է: 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն, հին Նոր Տարին կը զուգադիպէր Յուլիական տոմարի Յունուար 14-ին: Հին եւ նոր տոմարներու տարբերութիւնը 13 օր էր, Յունուար 13-ը կը համապատասխանէր Դեկտեմբեր 31-ին:

Նոր՝ Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է 1582 թուականի Հոկտեմբերին: Հռոմի Գրիգոր XIII պապը նկատած էր, որ Յուլիական, այսինքն՝ հին տոմարը, մինչեւ 16-րդ դարը ստեղծած է 10 օրուան տարբերութիւն մը: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարին՝ Մարտ 21-ին, որովհետեւ Նիկիոյ 325 թուականի ժողովի որոշմամբ գիշերահաւասարի օր համարուած է ոչ թէ Մարտի 21-ը, այլ՝ Մարտի 11-ը: Գրիգոր XIII պապը 1582 թուականի Հոկտեմբեր 4ին՝ Հինգշաբթի օրուան յաջորդող Ուրբաթ օրը յայտարարած է Հոկտեմբեր 15-ը, բաց թողելով կուտակուած 10 օրերը, որ յառաջացած էր 325-էն 1582 թուականներու ընթացքին: 16-20րդ դարու ընթացքին Յուլիական՝ հին, եւ Գրիգորեան՝ նոր տոմարներուն միջեւ տարբերութիւնը 13 օր կը կազմէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին