Հեգթըր Լուի Պեռլիոզ (ֆր.՝ Hector Berlioz, դեկտեմբերի 11, 1803, Լա Գոդ Սեն Անտրէ – մարտի 8, 1869, Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսացի երգահան, բեմադրիչ, երաժշտագէտ, երաժշտական քննադատ։
Ծնած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան Գոդ Սենդ-Անտրէ (Իզեր) բնակավայրին մէջ, բժիշկի ընտանիքի մէջ։ Հայրը՝ Լուի Պեռլիոզը զբաղած է զաւակին ընդհանուր կրթութեամբ, նաեւ երաժշտութեան տարրական դասերով։ Տասներկու տարեկանին ապագայ երաժշտագէտը կը կատարէ երաժշտութեան քայլերու առաջին փորձերը՝ սորվելով նուագել ֆլեյդա, ապա կիթառ: Յետագային ան կը սկսի ուսումնասիրել հօր գրադարնին մէջ պահուող երաժշտութեան տեսութեան եւ հարմոնիայի մասին գիտական ժառանգութիւնները։ 1821ին կը մեկնի Փարիզ, հօր քաջալերանքով բժշկութիւն ուսանելու։ Առաջին անգամ այցելելով օփերային թատրոն կը լսէ Կլիւկի «Իփիկենիան Դավրիսում» օփերան։ Յաջորդ օրուընէ ան երաժշտանոցի գրադարանի մշտական այցելուներէն էր։ Ծնողները չէին սիրէր իր երաժշտութեան նուիրուելու փաստը։ Երիտասարդ Պեռլիոզը մտադրութիւն կ՛ունենայ իր ստեղծագործական յաջողութուններով ապացոյցներ տալ ծնողներին։ Սկիզբը կ՛ուսանի բժշկութիւն, սակայն շուտով կ՛որոշէ նուիրուիլ երաժշտութեան։ 1825ին տեղի կ՛ունենայ Պեռլիոզի գրած երաժշտութեան առաջին հանրային կատարումը:1826 – 1830 կ՛ուսանի Փարիզի
Երաժշտանոցին մէջ շուտով դառնալով աշխարհահռչակ: