Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՍՅՕՐ. Աւետիս Եափուճեան

Դոկտ. Աւետիս Եափուճեանը ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 10 Յունուար 1931 թուականին։ Հայրը՝ Յովհաննէս, Մարաշցի էր, արհեստով սանտրագործ։ Մայրը՝ Հռիփսիմէ, Ատըեամանցի էր, իր ծնողքին տասը զաւակներէն Հայոց Ցեղասպանութենէն միակ վերապրողն էր։

Աւետիս Եափուճեան փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է Գալուստեան ազգային վարժարանը (Եգիպտոս), 1949 թուականին։ 1953-ին, մասնաւոր գնահատանքով լրագրութեան վկայական ստացած է Լոնտոնի Մանկավարժական հիմնարկէն։ 1974 թուականին, երեք տարուան դասընթացքները մէկ տարիէն աւարտելով, ներկայացուցած է իր աւարտաճառը Երեւանի պետական համալսարանին Գիտական Խորհուրդին, որ միաձայնութեամբ իրեն շնորհած է Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի գիտական աստիճանը, որ անվերապահօրէն վաւերացուած է Մոսկուայի Գիտական Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ։ Գիտական ղեկավարն էր Դոկտ. Փրոֆ. Վարդան Պարսամեանը։

Դոկտ. Աւետիս Եափուճեան ամուսնացած է 29 Նոյեմբեր 1959  թուականին, մանկավարժ-ուսուցչուհի Օր. Անժէլ Միրզայեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով։

Իր առաջին յօդուածը լոյս տեսած է 1945 թուականին, «Փունջ» մանկապատանեկան ամսաթերթին մէջ։ Աշխատակցած է «Զարթօնք (օրաթերթ, Պէյրութ)» եւ «Պայքար (օրաթերթ, Թիֆլիս)» օրաթերթերուն, Գահիրէի «Կեանք եւ Գիր» եւ Պէյրութի «Շիրակ» ամսագիրներուն, ԱՄՆ-ի «Նոր Օր» եւ Պէյրութի «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն, բայց մանաւանդ՝ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին, ինքնագիր ու թարգմանական գրութիւններով։ «Արեւ» օրաթերթին օգնական խմբագիր եղած է 1965-1967 թուականներուն, ապա՝ ամբողջ 23 տարի՝ 1967-1990, պատասխանատու խմբագիրը իր պաշտօնը վարելով ամենայն ձեռնհասութեամբ եւ առանձին, վայելելով ընթերցողներուն համակրանք, յարգանքն ու գնահատանքը։ 1990 Դեկտեմբերէն հաստատուած ըլլալով Սիտնի, Աւստրալիա, 1998 թուականէն ի վեր, կը վարէր խմբագրութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Միութիւն» ամսագրին։

Տարբեր ժամանակներու, երկիցս եղած է Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրած Միութեան Վարչութեան ատենադպիրը, հիմնադիրը եղած է նոյն վերոյիշեալ Միութեան Պատանեկան Շարժումին եւ «Երիտասարդական Փառատօն»ներուն, որոնք մինչեւ այսօր անխափան կը շարունակուին։ Գահիրէի մէջ, խմբագրի իր պաշտօնին առընթեր վարած է նաեւ Հայ Ազգային Հիմնադրամի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնը, Սիտնի տեղափոխուելէն ետք, մինչեւ 1997 թուականը՝ եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Վարիչ Տնօրէնը։

1950 թուականին, միացած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, յանձնարարութեամբ օրուան «Արեւ»ի խմբագրապետ Դոկտ. Մեթր Նուպար Պէրպէրեանի եւ կնքահայրութեամբ նշանաւոր երգահան եւ խմբավար Համբարձում Պէրպէրեանի։ Եղած է ՌԱԿ-ի Եգիպտոսի Վերին Մարմնին՝ Շրջանային Վարչութեան ատենադպիրը, մինչեւ երկրէն իր մեկնումը։ Եղած է Սիտնի ՌԱԿ Արտակ Դարբինեան Ակումբի Պատուոյ Նախագահը։ Գահիրէի մէջ, 1981 թուին, փառաշուք հանդիսութեամբ մը, նշուեցաւ իր ծննդեան 50-ամեակը, նաեւ գրական-հասարակական գործունէութեան 35-ամեակը։ Իսկ Սիտնիի մէջ, 1995 թուականին ալ, իր ծննդեան 65-ամեակը և գրական-հասարական գործունէութեան 50-ամեակը։ Նոյնպէս Սիտնիի մէջ, 2005 թուականին, նշուեցաւ իր ծննդեան 75,ամեակը և գրական գործունէութեան 60-ամեակի Յոբելեանը։

Ան իր գրական ասպարէզը սկսած է երգիծաբանութեամբ։ Սակայն, յետագային, տարուած է հրապարակագրութեամբ, ուր թէեւ միշտ ներկայ է երգիծաբանը։ Դոկտ. Աւետիս ԵափուՃեան հեղինակ է մօտ երեք տասնեակ պատմագիտական եւ գրական հատորներու, իսկ Ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած է 25 հատոր։

Մահացած է 5 Յուլիս 2017ին՝ 86 տարեկանին:

Իր անունը մտած է մահաշխարհային երեւելի երեք անգլերէն Հանրագիտարաններու՝ «Մէն ոֆ Աչիվմընթ» (1984), «Ինթըրնէյշընըլ Ռեճիսթըր օֆ Փրոֆայլզ» (1985)  եւ «Ինթերնէյշընըլ Հուզ Հու ոֆ Ինթելեքթուըլզ» (1985), հրատարակութիւններն են երեքն ալ Քէմպրիճի, Անգլիա, «Էնթերնէյշընըլ Պայոկրաֆիքըլ Սենթր»ին, նաեւ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ին 8-րդ հատորին մէջ, Յունական Մեծ Հանրագիտարանը՝ ամբողջ էջ մը յատկացուցած է իրեն՝ լուսանկարով միասին, իր 17-րդ հատորին մէջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին