Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մկրտիչ Աբգար

Մկրտիչ Աբգար(եան) (4 Յունուար 1884, Նոր Ջուղա — 1967, Թեհրան), Խաչիկ վրդ. Առաջնորդ Իրանի Կաթողիկէ Հայոց:

Ծնած 1884 4 Յունուարին՝ Նոր Ջուղայի մէջ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Թեհրանի Ֆրանսական դպրոցը, իսկ բարձրագոյնը՝ Հռոմ Probaganda-ի համալսարանը: 1907 Նոյեմբեր 3-ին կաթողիկէ Հայոց եկեղեցիին մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի: 1908ին ուսումը կ’աւարտէ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան

դոկտորի աստիճանով:

1934-ին երբ Հայ Կաթ. Պատրիարքութեան եւ Հռոմի բանակցութեան հետեւանքով Իրանի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի վերականգնումը վերջական փուլին կը հասնի, Գեր. Աբգար Նոր Ջուղա կու գայ իբրեւ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, ուր նախ նոր եւ հաստատուն հիմերու վրայ կը գնէ տեղւոյն կաթողիկէ Հայոց առաքելութիւնը: Այդ ատենէն Իրանի Կաթողիկէ Հայերը եկեղեցական անկախ եւ ինքնուրոյն վիճակ կը ստանան եւ Հայ կաթ. պատրիարքութեան հովանաւորութեան ներքոյ կը մտնեն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին