Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Լիբանանի Ընկերային Հարցերու Նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան Այցելեց «Զուարթնոց» Կեդրոն

Լիբանանի ընկերային Հարցերու Նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան  տօներու նախօրէին այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանահայ ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոն:

Ան կեդրոնի զանազան բաժանմունքները շրջեցաւ ընկերակցութեամբ կեդրոնի տնօրէնուհի՝ Վարդի Օհանեան-Գէորգեանի:

Իր այցելութեան ընթացքին յարգելի նախարարը մօտէն ծանօթացաւ հոն տարուող աշխատանքներուն եւ խրախուսեց աշակերտներն ու ծնողները, որ նման կեդրոններ պիտի շարունակեն մնալ նախարարութեան հոգատարութեան տակ:

Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ «Զուարթնոց» կեդրոնի անդամներուն իրաւունքն է հոգատարութիւն ստանալ ու արժանապատիւ կեանք մը ունենալ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին