Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ռոպըրթ Գոխ

Ռոպըրթ Գոխ (գերմ.՝ Heinrich Hermann Robert Koch, դեկտեմբերի 11, 1843, , Գլաուստալ-Զելերֆելտ,  Գերմանիա – մայիսի 27, 1910, Պատեն,  Գերմանական կայսրութիւն), գերմանացի մանրէաբան, մանրէաբանութեան եւ համաճարակաբանութեան հիմնադիրը։

Գոխը 1866ին աւարտած է Կէօթինկենի համալսարանը։ 1885-1891  եղած է Պեռլինի համալսարանի փրոֆէսէօր, միաժամանակ՝ Հիկիէնայի հիմնարկին, 1891-1904  վարիչ հիւանդութիւններու հիմնարկի (յետագային կոչուած է Գոխի անունով) տնօրէն։ Բացայայտած է վարակիչ հիւանդութիւններու յարուցիչները եւ մշակած է անոնց դէմ պայքարի միջոցները։ Առաջին անձն որ ստացած է սիպիրախտի  մաքուր մանրէախումբը։ 1882ին յայտնաբերած է թոքախտի հարուցիչը։ 1890 ին ստացած է թոքախտի մանրէին պատրաստուկը, եւ օգտագործած է զայն թոքախտի բուժման նպատակով։ Ներկայիս պատրաստուկը կը կիրառուի միայն ախտորոշիչ նպատակով։ Քոլերա հիւանդութիւնը նաեւ կը կոչուէր  «Գոխի ստորակէտ»: Մշակած է մանրէաբանական հետազօտութիւններու, վարակազերծման շարք մը եղանակներ։ 1905ին թոքախտի ուսումնասիրման համար արժանացած է Նոպելեան մրցանակի։

Որպէս ռազմադաշտային բժիշկ՝ աշխատած է ֆրանս-բրուսական պատերազմի ժամանակ, որ հրահրած էր Բրուսիայի գանցլըր Օդդօ ֆոն Պիզմարգը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին