Արմենակ Յակոբի Սալմասլեան (1888, դեկտեմբերի 10, Միխալըճ, Պուրսա վիլայեթ – 1971, Յունուարի 7, Փարիզ), հայ մատենագէտ։ Իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր (1922)։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլսի Պէրպէրեա վարժարանին (1900-1906), ապա ուսանած է Ամերիկյան Ռոպերթ քոլեճին մէջ (1906 – 1911)։ 1911ին մեկնած է Փարիզ, սորուած է իրաւաբանական համալսարանին մէջ (1911-1914)։ 1940–1947 եղած է Փարիզի ազգային մատենադարանի արեւելեան լեզուներու բաժնի վարիչը, 1951էն՝ Նուպարեան մատենադարանի տնօրէնը։
Հայագիտական յօդուածներով թղթակցած է «Բիւզանդիոն», «Երեւան», «Աշխարհ», «Բազմավէպ» եւ այլ պարբերականներու։ 1946ին լոյս տեսած է Սալմասլեանի «Հայկական մատենագիտութիւն» աշխատութիւնը, որ լրացուած եւ ճշգրտուած տարբերակը հրատարակուած է Երեւանի մէջ, 1969ին։ Ան կը ներառէ հայագիտութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ օտար լեզուներով մինչեւ 1965 լոյս տեսած հետազօտութիւններ։ 1968ին Սալմասլեան արժանացած է Երեւանի Մատենադարանի «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալին։