Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը Դարձեալ Հմայեց Հանդիսատեսները

Անցեալ շաբաթավերջին ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը իր տարեկան աւանդական ելոյթը տուաւ: Միշտ գերազանցելով իր նախորդ ելոյթները նուագախումբը իր 27 երաժիշտներով, առաջնորդութեամբ խումբին երաժշտական ղեկավար՝ Վիգէն Չալեանին, դարձեալ՝ երկու գիշեր հմայեց սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած հանդիսատեսները:

Արդարեւ, Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբը սփոփեց Հայ Կաթողիկէ Յ. Պօղոսեան սրահը փութացած իր բարեկամները իր երգացանկին վրայ ունեցած 16 երգերով ու նուագներով, որոնք կատարուեցան բարձր որակով ու ձայնային լաւ սարքաւորումով:

Խումբին չորս երիտասարդ երգիչները՝ Ալիս Իփրաճեան իր անզուգական ձայնով, խումբին երաժիշտներէն՝ Գարոլ Հաժ իր մեղմ սակայն տիրող ձայնով, որ նոր յայտնագործում էր հանդիսատեսին համար, Գարմէն Պալեան իր  հմայիչ ելոյթով, եւ Յովիկ Թաֆրանեան իրեն յատուկ ելոյթի ոճով արժանացան բոլորին գնահատանքին:

Սոլօ ելոյթներով հանդէս եկած Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ), Համբիկ Մարտիրոսեան (Սաքսիֆոն) եւ        Արմիկ Հեքիմեան (քլարինէթ) գերազանցեցին իրենք զիրենք:

Բոլոր երաժիշտներն ալ անխտիր, որոնք իրենց ղեկավար՝ Վիգէն Շալեանի վկայութեամբ, վերջին 45 օրերու Լիբանանի իրավիճակի դժուարին օրերուն չէին զլացած ամէն օր փորձերու ներկայ ըլլալու, տուին իրենց լաւագոյնը:

Մեծապէս շնորհաւորելի այս զոյգ ելոյթներու աւարտին Պրն. Վիգէն Չալեան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ երաժիշտներուն եւ հանդիսատեսներուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, որուն քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ հիմնուած էր այս գեղեցիկ նուագախումբը:

Վերջապէս շնորհաւորելի է ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը եւ իր ատենապետը՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեանը իր անխոնջ աշխատանքով այս կարեւոր եւ գնահատելի գործը գլուխ հանելուն համար:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին