Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լիբանանի Անկախութեան Տօն

1940ի Յունիսին հիթլերական Գերմանիայէն Ֆրանսայի կրած պարտութենէն ետք, Լիբանանի եւ սուրիոյ մէջ տեղակայուած ֆրանսական քաղաքացիական եւ ռազմական իշխանութիւնները հաւատարիմ մնացին Ֆրանսայի Վիշի քաղաքին մէջ հաստատուած եւ Նացիներուն հետ համագործակցող մարշալ Ֆիլիփ Փեթենի կառավարութեան։ 1941ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն դաշնակից պետութիւններու բանակները ռազմական գործողութիւններու միջոցով վիշիականներուն հեռացուցին Լիբանանի եւ Սուրիայի տարածքէն։ Քաղաքական իշխանութիւնը անցաւ ֆրանսացի զօրավար Շառլ տը Կոլի գլխաւորած աքսորեալ կառավարութեան, իսկ ռազմական իշխանութիւնը՝ բրիտանական զօրքերուն։

Ռազմական գործողութիւններու առաջին օրերուն, դաշնակից պետութիւնները խոստացան անյապաղ ճանչնալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ անկախութիւնը։ Սակայն, այդ խոստումը կենսագործելու ուղղութեամբ առաջին լուրջ քայլերը առնուեցան 1943ին։ Տեղի ունեցան խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ, որուն արդիւնքով հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Պշարա  Խուրին։ Վերջինս վարչապետ նշանակեց Ռիատ էլ Սոլհը։ Խուրիի եւ Սոլհի միջեւ գոյացաւ «Ազգային ուխտը», որ երկիրը ղեկավարելու սկզբունքներու շուրջ գոյացած բանաւոր, բայց ուղենշային համաձայնութիւն էր։

Սոլհի կառավարութիւնը շուտով եւ միակողմանի ձեռնարկեց երկրի սահմանադրութեան փոփոխութեան, ջնջելով ֆրանսական հոգատարութեան ակնարկող բոլոր յօդուածներն ու ակնարկները։ Ֆրանսական իշխանութիւնները, զայրացած լիբանանեան քայլերու միակողմանիութենէն, արգելափակեցին Խուրիին, Սոլհին եւ շարք մը այլ նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն, բայց, բրիտանական եւ դաշնակից այլ պետութիւններու ճնշման տակ, 11 օր ետք՝ 1943ի նոյեմբերի 22-ին, ստիպուած անոնց ազատ արձակեցին եւ համակերպուեցան սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ։

Այսպիսով, Լիբանանը փաստացի քաղաքական անկախութիւն ձեռք բերաւ։ Նոյեմբերի 22-ն ալ 1944էն սկսեալ կը  համարուի Լիբանանի թիւ մէկ ազգային տօնը՝ Անկախութեան օրը։

1945ին Լիբանանը դարձաւ Արաբական երկրներու լիկայի եւ այնուհետեւ ՄԱԿ-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը։ Օտարերկրեայ զօրքերուն դուրսբերումը աւարտեցաւ 1946ի դեկտեմբեր 31-ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին