Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Մահագրական. Ոչ Եւս Է Ճարտարապետ Անդրանիկ Տաղլեան

Տխուր երեւոյթ է, երբ կը կորսնցնենք կրտսեր սերնդակից` կեանքի ու հայ մշակոյթի նուիրեալ գաղափարակից բարեկամ մը։

Մահուան գաղափարը թէեւ տխուր է ինքնին, սակայն մխիթարական երեւոյթ մը կը պարզէ իր հարազատներու եւ բարեկամական շրջապատին,  երբ մեզմէ անդարձ հեռացող անձին մէջ կը գտնենք երբեմնի ուշիմ աշակերտն ու յաջողակ համալսարանական ուսանողը, ապա` շուրջ յիսնամեայ  տեւողութեամբ գործունէութիւն մը։

Անդրանիկը ծնած էր 1937ին Ալեքսանտրէթ, բնիկ քիլիսցի Մկրտիչ եւ Մարիամ Տաղլեաններու յարկին տակ։

Ընտանիք մը` ուր ծնունդ առին Թորոս, Սարգիս, Ալիծ, Անդրանիկ եւ Յակոբ._ չորս եղբայրներ եւ քոյր մը։

Ալեսանտրէթի հայութեան պարպումին` 1939ին, Տաղլեանները նախ կը տեղափոխուին Հալէպ, ապա` 1948ին կը հաստատուին Պէյրութ` ուր անհրաժեշտ ուսում կը ստանան կամ կեանքի ասպարէզ կը նետուին մեծահասակները։

Անդրանիկ, տարի մը կը յաճախէ  Նոր Ատանայի Աբգարեան վարժարան, որուն ընթացքը կ’աւարտէ եւ 1949_1956 իր երկրորդական եւ հայեցի ուսումը կը ստանայ ՀԲԸՄ ի Յովակիմեան_Մանուկեան նորաբաց վարժարանէն ներս, ուր Արա Թոփճեանի տնօրէնութեամբ եւ Վահէ_Վահեանի, Զարեհ Մելքոնեանի, Օննիկ Սարգիսեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Համբարձում Պէրպէրեանի եւ անոնց աստղաhոյլին մաս կազմող միւս ուսուցիչներու համատեղ ջանքերով աճեցաւ այդ տասնամեակին յատուկ նորահաս սերունդ մը։

Անդրանիկ Տաղլեան եղաւ  Երեւանի Պետական Համալսարան ընդունուած առաջին սերունդի տղոց շարքին։

1964ին` ճարտարապետի իր վկայականով ու բնածին յատկանիշներով օժտեալ երիտասարդ թէ մեծահասակ` ան եղաւ մեծապէս գնահատուած շինարար _ ճարտարապետ մը` միջազգային բարձրակարգ  նախագիծեր ու ծրագիրներ իրականացնող Արաբական բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Իրաք, Սէուտական Արաբիա,  Արաբական  Միացեալ  Էմիրութիւններ եւ այլ անապատային վայրեր, միշտ կեդրոն ունենալով Պէյրութը` իբրեւ սիրելի բնակավայր։

Իր ընտանեկան կեանքը սկիզբ առած է  1963ին, Երեւան` ուսանողական տարիներուն, եւ Միլային հետ կազմած` ընտանեկան երջանիկ  բոյն մը, արժանացած Աստուծոյ օրհնութեան` Անիին ծնունդով(1964)։

Ճարտարապետ Անդրանիկ Տաղլեան պիտի մնայ մեր մշակոյթի պատմութեան մէջ,  իր հետեւեալ ներդրումներով._

ա._ Աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին (» Զարթօնք», » Նայիրի շաբաթաթերթ» նոր շրջան եւ այլ թերթեր)։

բ._ Իր յօդուածներու ժողովածուն ` 

«Մտորումներ Ժամանակի Հետ» Երեւան, Մուղնի հրատարակչութիւն, 2004։

գ._ Նորանկախ հայրենիքի տարածքին` կիսաւեր եկեղեցւոյ մը վերանորոգումը` ի հայրապետոութեան  երանաշնորհ Տ Տ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի։

դ._Ապու Տհապիի  Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան  հիմնումը` 1990ին, երբ սոյն տողերս ստորագրողին աջակից եւ համահիմնաղիր դարձան Անդրանիկ Տաղլեան եւ Վաչէ Գասեմճեան, որ ծառայեց իբրեւ մշակութային ովասիս` անապատային այս մայրաքաղաքէն ներս։

ե._ Հանգուցեալ Անդրանիկին գիտակցական ողջ կեանքին  գաղափարախօսութիւնը հիմնուած էր ՀԲԸ Միութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հաւատոյ հանգանակին վրայ։ Հայրենիքի սէրն ու ծառայութիւնը կը նկատէր գերիվեր ամէն նկատումէ։

Այս ոգիով տեւեց մեր աւելի քան 50ամեայ բարեկամութիւնը` թէ» անապատային քաղաքներու մէջ եւ թէ իր Պէյրութ այցելութեան կարճատեւ շրջաններուն, երբ իր մասնակցութիւնը կը բերէր իբրեւ ժողովական` Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական վարչութեան։

Յարգա֊նք իր երբեմնի վաստակին եւ յաւերժ լոյս իր յիշատակին։

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին