Իւան Սերգեյի Դուրկենեւ (հոկտեմբերի 28 (նոյեմբերի 9), 1818, Օրեօլ, Ռուսական կայսրութիւն – օգոստոսի 22 (սեպտեմբերի 3), 1883, Պուժիւալ, Ֆրանսա), ռուս իրապաշտ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, թատերագիր, թարգմանիչ։ Ռուս գրականութեան դասականներէն է, Փետէրպուրկի գիտութիւններու կայսերական ակադեմիայի ռուսէրէնի գծով թղթակից անդամ, Օքսֆորտի համալսարանի պատուաւոր դոկտոր (1879)։ Հեղինակ է վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու։
Դուրկենեւի ստեղծած գեղարուեստական համակարգը ազդեցութիւն ձգած էլ 19-րդ դարու երկրորդ կէսի ոչ միայն ռուս, այլեւ՝ արեւմտաեւրոպական վէպի բանաստեղծական արուեստի վրայ։ Իւան Դուրկենեւ առաջին անձն էր ռուս գրականութեան մէջ, որ սկսաւ ուսումնասիրել «նոր մարդու»՝ վաթսունականի անձը, անոր բարոյական յատկանիշները եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Անոր շնորհիւ ռուսերէն լեզուն սկսաւ լայնօրէն կիրառուիլ «նիհիլիստ» եզրը: Ան ռուս գրականութեան եւ թատերագրութեան քարոզիչն էր Արեւմուտքին մէջ։
Իւան Դուրկենեւի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը Ռուսաստանի հանրակրթական դպրոցական ծրագիրներուն պարտադիր մասը կը կազմէ։