Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գոնրատ Միակի

Գոնրատ Միակի (էստ․՝ Konrad Vilhelm Mägi, նոյեմբերի 1, 1878, Հելլենուռմէ, Վալգամաայ, Էսդոնիայի Հանրապետութիւն – օգոստոսի 15, 1925, Տարտու, Էստոնիայի Հանրապետութիւն), էսդոնիացի նկարիչ, բնանկարիչ։

Գոնրատ Միակին մասնագիտական նախնական կրթութիւնը ստացած է 1899-1902, մասնակցելով Դարդուի՝ Գերմանացի աշխատաւորներու միութեան նկարչական դասընթացներուն։ 1903ին կ՛ ընդունուի Սանկտ-Պետերուրգժկիի Թեքնիքական նկարչութեան՝ Շտիկլիցի անուան կեդրոնական ուսումնարան, սակայն 1905ին յեղափոխական դէպքերու պատճառով ստիպուած կ՛ըլլայ ձգել ուսումը։ 1906ին ամառը նկարիչը կ՛անցնէ Աթլանթեան կղզիներուն վրայ: Այնտեղի հիասքանչ բնութենէն ներշնչուելով ստեղծած է բնանկարներ։

1910ին առաջին անգամ Էսդոնիա կը ղրկէ իր մի քանի նկարները:

1912ին կը վերադառնայ հայրենիք՝ Էսդոնիա։

Գոնրատ Միակին եղած է Դարդուի նկարիչներու Pallas միութեան հիմնադիրներէն մէկը, իսկ յետագային՝ նաեւ կերպարուեստի նոյնանուն դպրոցի հիմնադիրներէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին