«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճիւանշիր (սեպտեմբերի 28, 616 – 670), Գարդմանքի տէր եւ Աղուանքի իշխան 637 էն։ Միհրանեաններու իշխանական տոհմէն, Վարազ Գրիգորի որդին։
Ժառանգաբար սեփականութեան իրաւունք ունեցած է Գարդմանք գավառի նկատմամբ, եղած է Ուտիք եւ Արցախ նահանգներու գահերէց իշխան եւ սպարապետ։ Անոր ենթարկուած է նաեւ անդրկուրեան Կամբեճան գաւառը։ Գործունէութեան սկզբը եռանդուն պայքար մղած է պարսկական տիրապետութեան դէմ։ Յետագային վարած է ճկուն քաղաքականութիւն եւ երկրամասը զերծ պահած է նուաճումներէ։ Միեւնոյն ժամանակ Ճիւանշիրը սերտ կապ պահած է Հայաստանի կեդրոնական իշխանութեան հետ։ Երկրամասի անկախութիւնը պահպանելու նպատակով ամրապնդած է Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ դիրքը, զայն զերծ պահելով քաղկեդոնականութեան եւ իսլամական ոտնձգութիւններէն։
Ճիւանշիրի օրօք Արցախի եւ Ուտիքի մէջ վերելք ապրած մշակոյթը։ Ճիւանշիրի պատուերով է, որ Մովսէս Կաղանկատուացին գրած է իր պատմական երկը։ Ճիւանշիրը դաւադրաբար սպանուած է Պարտաւի իր դղեակի պարտէզին մէջ հաւանաբար Միհրանեաններէն տուժած Առանշահիկներին ձեռքով։
Ճիւանշիրի մահուան առիթով Դաւթակ Քերթողը գրած է «Ողբք ի մահն Ճեւանշերի՝ մեծի իշխանին» դամբանականը, որ միջնադարեան հայ քնարերգութեան գլուխ-գործոցներէն է։