«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 83 տարիներ առաջ, պատմութեան մէջ այսօր՝ 26 Սեպտեմբեր 1937-ին, երկար երկունքէ ետք ու մեծ զոհողութիւններու գնով լոյս տեսած է մեր թերթը:
«Զարթօնք». ազգային-քաղաքական, հասարակական և գրական օրաթերթ: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ: Լոյս կը տեսնէ 1937էն ի վեր (որոշ ընդհատումներով): Հիմնադիրները եղած են Միհրան Տամատեան եւ Յովսէփ Սեքսենեան: Արտօնատէրը և առաջին պատասխանատու տնօրէն՝ Բարունակ Թովմասեան: Առաջին խմբագիրը եղած է բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեան, որուն յաջորդած են հոյլ մը խմբագրապետեր, որոնց մէջ յատուկ դիրք կը գրաւէ Գերսամ Ահարոնեան, որ թերթը ձեռներէցութեամբ խմբագրած է զայն հասցնելով իր ոսկեդարին: 2015էն ի վեր «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրն է սեւակ Յակոբեան:
«Զարթօնք» իր էջերով կը պարզաբանէ ՌԱԿի ծրագիրն ու տեսակէտները: Կը լուսաբանէ Լիբանանի, Հայաստանի և միջազգային քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային անցուդարձը: Լայն տեղ կը յատկացնում սփիւռքի հայ համայնքներուն ազգային եւ եկեղեցական կեանքին: Կ՛անդրադառնայ ազգապահպանման եւ երիտասարդական հարցերուն, ջատագովն է հայրենադարձութեան: Ան իր հրատարակութեամբ եւ աշխարհով մէկ տարածումով կ՛օժանդակէ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Ունեցած է եւ ունի կանանց, մանկապատանեկան, գրական-մշակութային, մարզական ու գրական բաժիններ: Նոր տարուայ եւ այլ յիշարժան առիթներով և կուսակցական յոբելեաններու առիթով լոյս կ՛ընծայէ բացառիկ թիւեր եւ յաւելուածներ:
Ունեցած է «Զարթօնք սփոր» (1955-57, 1959, խմբագիր՝ Վարուժան Պետիկեան) և «ալ-Եաքզա» արաբերէն յաւելուածները: Վերջին՝ արաբերէն լեզուով յաւելուածը 2000ականներուն լոյս ընծայուած է ՌԱԿի օրուայ պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեանի ջանքերով:
«Զարթօնք»ի ընտանիքը հրապարակային եւ այլ ձեռնարկներով շուտով պիտի նշէ իր 83ամեակը: