«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պօղոս Յովնանեան (սեպտեմբերի 12, 1802, Կոստանդնուպոլիս – յունուարի 9, 1884, Վիեննա), լեզուաբան, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, մանկաւարժ։ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1824)։ Ղեւոնդ Յովնանեանի եղբայրը։
Լոյս տեսած են Յովնանեանի «Պատմութիւն տիեզերական ժողովոց եկեղեցւոյ…» (1847), «Աշխարհագրութիւն ուսումնական, բնական, քաղաքական» (1835), «Հրահանգ աստեղագիտական ի վերայ գիսաւոր աստեղաց» (1841), «Առաջնորդ դաստիարակութեան» (1862) ուսումնասիրութիւնները։ Յովնանեանի «Մարդկային լեզուին սկզբան, հանգամանաց, միութեան ու բաժանման եւ ազգային լեզուաց վրայ…» (1857) աշխատութիւնը ունի ընդհանուր լեզուաբանական բնոյթ։ Ըստ Յովնանեանի՝ նախապէս եղած է մէկ լեզու, իսկ առանձին լեզուներու առաջացումը կապուած է Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան հետ։ Ան լեզուն դիտած է որպէս հասարակական երեւոյթ եւ նշած, որ լեզուի պատմութեամբ կարելի է ուսումնասիրել մարդկային հասարակութեան պատմութիւնը։ Հաստատած է հնդեւրոպական լեզուներու ցեղակցութիւնը՝ անոնց շարքին դասելով հայերէնը։ Յովնանեանը հայ իրականութեան մէջ պատմահամեմատական լեզուաբանութեան առաջին հետեւորդն է։