Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Իւան Տուրգենեւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իւան Սերգեյի Տուրգենեւ (նոյեմբեր 91818, Օրեօլ, Օրեօլի նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն – սեպտեմբերի 3, 1883, Բուժիւալ, Ֆրանսա), ռուս իրապաշտ գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, թատերագիր, թարգմանիչ։ Ռուս գրականութեան դասականներէն է, Պետերսպուրկի գիտութիւններու կայսերական ակադեմիայի ռուսերէնի գծով թղթակից անդամ, Օքսֆորտի համալսարանի պատուաւոր դոկտոր (1879)։ Հեղինակ է վէպերի, վիպակների եւ պատմուածքների։

Տուրգենեւի ստեղծած գեղարուեստական համակարգը ազդեցութիւն ձգած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսի ոչ միայն ռուս, այլեւ՝ արեւմտաեւրոպական վէպի բանաստեղծական արուեստի վրայ։ Իւան Տուրգենեւ առաջինը ռուս գրականութեան մէջ սկսաւ ուսումնասիրել «նոր մարդու»՝ վաթսունականի անձը, անոր բարոյական յատկանիշները եւ հոգեբանական առանձնայատկութիւնները: Անոր շնորհիւ ռուսերէն լեզուին մէջ սկսաւ լայնօրէն կիրառուիլ  «նիհիլիստ» եզրը: Ան ռուս գրականութեան եւ թատերագրութեան քարոզիչն էր Արեւմուտքին մէջ։

Իւան Տուրգենեւի ստեղծագործութեան ուսումնասիրութիւնը Ռուսիոյ հանրակրթական դպրոցական ծրագիրներուն պարտադիր մասը կազմած է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին