Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ճոն Լոք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ճոն Լոք (անգլ.՝  John Locke, օգօստոսի 29, 1632, Wrington, Հիւսիսային Սոմերսեթ, Սոմերսեթ, Հարաւարեւմտեան Անգլիա – հոկտեմբերի 281704, High Laver, Էփինգ Ֆորեստ շրջան, Essex, Էսեքս, Անգլիա), բրիտանացի մանկավարժ, ֆիզիքոս եւ փիլիսոփայ: Ան կը համարուի  լուսաւորականութեան զարգացման վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած գործիչ ու «դասական ազատականութեան» հայր։ Ըլլալով բրիտանացի  առաջին սերունդի անդամ,  որ հետեւած է  Ֆրանսիս Պեգոնի միտքի դպրոցին, Լոք հաւասարապէս կարեւոր է ընկերային գործարքի տեսութիւնում։ Նրա աշխատութիւններն մեծապէս ազդել են իմացաբանութեան ու քաղաքական փիլիսոփայութեան զարգացման մէջ, ինչպէս նաեւ ՎոլթէրիՌուսոյի, շոտլանդական շատ լուսաւորիչներուն ու ամերիկեան յեղափոխականներուն։ Անոր՝ դասական հանրապետականութեան ներդրումները արտացոլուած  են Ամերիկայի անկախութեան հռչակագրին մէջ։

Լոքի միտքի մասին տեսութիւնը այժմ կը համարուի անհատականութեան ու ինքնութեան ժամանակակից հսկացողութիւններու  ակունքը, ակնյայտօրէն յայտնուելով աւելի ուշ շրջանի փիլիսոփաների՝ Հիւմի, Ռուսոյի ու Քանտի գործերուն մէջ։

Լոքը առաջինն էր, որ ինքնութիւնը ձեւակերպեց որպէս բանականութեան յաջորդականութիւն։ Ըստ անոր, երբ մարդը ծնի  միտքը մաքուր էջ է՝ թապուլա ռազա։ Ան կը  փաստէր, որ մենք կը ծնինք առանց նախնական գաղափարներու, իսկ գիտելիքը ոչ թէ միայն փորձառութեան, այլեւ զգայական ընկալութեան արդիւնքն է։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին