«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արթիւր Ադամով (ֆր.՝ Arthur Adamov, իսկական անունը՝ Յարութիւն Ադամեան, օգոստոսի 23, 1908, Կիսլովոդսկ, Պեատիգորսկի գաւառ, Թերեքի մարզ, Ռուսական կայսրութիւն – մարտի 15, 1970 կամ մարտի 16, 1970, Փարիզ, Ֆրանսա), արձակագիր եւ թատերագիր։
Արթիւր Ադամովը ծնած է 1908ի օգոստոսի 23-ին Կիսլովոդսկի մէջ, շուշեցի նաւթարդիւնաբերող Սուրէն Ադամովի ընտանիքին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Ադամովներու ընտանիքը կը մեկնի արտասահման շրջագայութեան։ Պատերազմը, իսկ ապա նաեւ յետագայ իրադարձութիւնները կը խանգարեն անոնց վերադարձը։ Երկար դեգերումներէ յետոյ ընտանիքը, ի վերջոյ, կը հաստատուի Ֆրանսա
30-ականներուն Ադամովը կը մասնակցի Ֆրանսայի մէջ գլուխ բարձրացուցած ֆաշիստական խմբաւորումներու դէմ մղուող պայքարին։ Գերմանական գրաւումի տարիներուն շուրջ կէս տարի կ՛անցնէ համակեդրոնացման ճամբարի մէջ։ Յետագային հրապարակուած «Սոսկալի օրագիրը» (1943) եւ «Խոստովանութիւն» (1946) ինքնակենսագրական վիպակը կեանքի կոչուած էին այդ շրջանի տպաւորութիւններով։