Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Էմիլիոյ Սալգարի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Էմիլիոյ Կարլոյ Ջուզեպէ Մարիայ Սալգարի (իտալ.՝ Emilio Carlo Giuseppe Maria Salgàri; 1862 – 1911), իտալացի գրող, պատմական եւ արկածային վէպերու հեղինակ։ Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կան նաեւ ծովահէնական վէպեր։

Էմիլիոյ Սալգարին ծնած է Վերոնայի մէջ, ուր աւարտած է բժշկական քոլէճը։ Ան պատրաստուէր էր դառնալ նաւապետ, բայց մրցոյթէն դուրս մնացած է։ Քոլեճին մէջ ուսանելու ժամանակ ան գրած է իր առաջին պատմուածքը՝ «Պապուասները» (1883)։ Ան խմբագրութեան յայտնած է, որ ինքն ունի մի քանի պատմուածքներ, գրուած Ժիւլ Վեռնի, Կիւստաւ Էմարի եւ Ֆենիմօր Կուպերի ոճով։ 1887էն ետք  ան որոշած է ամբողջովին նուիրուիլ գրականութեան։ Ան գրած է աւելի քան 200 վէպեր եւ պատմուածքներ։

Ան մեծ ճանաչում է ձեռք բերած է  Իտալիոյ, Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ։ Անոր անուանած են նաեւ «իտալական Ժիւլ Վեռն»։ Հակառակ իր հանրածանօթ ըլլալուն մեւ մեծ տպաքանակով գիրքերուն, Սալգարին նիւթական մեծ դժուարութիւններ ունեցած է։ Պարտքերու ճնշման ազդեցութեան տակ եւ ընտանեկան որոշ դժուարութիւններու պատճառով, ան վերջ տուած է իր կեանքին 1911 ապրիլի 25-ին:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին