Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Գրիգոր Շլդեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գրիգոր Շլդեանը ծնած է 1900ին Նոր Նախիջեւանի մէջ (այժմ՝ Դոնի Ռոստով), յաջողակ հայ իրաւաբանի ընտանիքում։ 1915ին կը մեկնի  Սէն Փեթերսպուրկի, գեղարուեստի ակադեմիան ուսանելու։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնէն ետք կը տեղափոխուի Թիֆլիս, որոշ ժամանակ անց Խրիմ։ 1920ին  կը մեկնին  Կոստանդնուպոլիս, ապա կը  հաստատուի Վիեննա, ուր կ՛ուսանի գեղարուեստի ակադեմիային մէջ։ 1922ին կը մեկնի Պեռլին, 1923ին կ՛ամուսնայ Ելենա Բոբերմանի հետ եւ նոյն թուականին կը տեղափոխուի Իտալիա՝ Հռոմ, ուր կ՛ապրի մինչեւ 1927ին։ 1927-1932 կ՛ապրի Փարիզ, այնտեղ ան կ՛անդամակցի «Անի» եւ «Հայ ազատ արուեստագէտներու միութեան»։ 1933-1941 կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ  Միլանի մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ կնոջ հետ բնակութիւն կը հաստատէ Գարդայ լիճի մերձակայքին մէջ եւ կը վերադառնայ Միլան 1947 թուականին։ Շլդեանը մահացած է 1985ին Հռոմի մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին