Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Նշան Յարութիւնեան

Նշան Արտաշէսի Յարութիւնեան Ծնած է Օգոստոսի 17, 1937ին, Ապարան, Ափնագիւղ/, շինարար-ճարտարապետ, շինարարական կառավարիչ, ՀԽՍՀ վաստակաւոր շինարար (1982)։

1951ին աւարտած է Ափնագիւղի 7-ամեայ դպրոցը, 1959ին՝ Երեւանի տեխնիկումը, 1983ին՝ Երեւանի ճարտարագիտական հիմնարկի ճարտարապետայ-շինարարական բաժանմունքը։

1960-1964  ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ։ 1964-2002 աշխատած է ՀԽՍՀ, ապա՝ ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան մէջ։ 

 2002-2006 Երեւանի «Ջրմուղ-կոյուղի» փակ բաժնետիրական ընկերութեան «Ջրառ եւ թեքնիքական կեդրոնացուած սպասարկում» մասնաճիւղի տնօրէն-գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ։ «Երքիմշին»ի մէջ իր պատասխանատու պաշտօն վարած միջոցին կառուցած է  «Ռոսիայ» կինոթատրոնը, «Հրազդան» մարզադաշտը, հայ-ամերիկեան «Հանթսման» եւ «Քարիթաս Իտալիանոյ» գործարանները, «Ուխտատուն» թանգարանը, վերակառուցած է «Նաիրիտ», 1 եւ 7 գործարաններու շէնքերը։ Կառուցած  է ճանապարհներ, ջրատարներ, մաքրման կայաններ, մշակութային, կենցաղային, թեթեւ արդիւնաբերութեան բաժիններ, մեթրոյի վերգետնեայ կայարաններ, բնակելի շէնքեր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին