spot_img

Աստուծոյ Խոստումը Ժամանակավրէպ Չէ

Նարէ Շարմազանով

Հոգևոր կեանքի մէջ Աստուծոյ գոյութիւնը ընդունելէ աւելի կարևոր է անոր վստահիլ  ու Տիրոջ պատգամներով ապրիլը: Այս պարագային է, որ  հոգևոր կեանքը կը դառնայ պտղաբեր: Ըսածիս վկայութիւնը Ս. Մարիամ Աստուածածնի ամուլ ծնողներու՝ Յովակիմի և Աննայի հաւատքն ու վստահութիւնն էր, որուն արդիւնքով զաւակ ունեցան: Ինչպէս Հին Կտակարանին մէջ ամուլ Սառայի՝ Աբրահամի կնոջ, Աննայի՝ Սամուէլ մարգարէի մօր, Աւետարանին մէջ Եղիսաբեթի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի պարագային Աստուծոյ խոստումը իրականացաւ իրենց հաւատքի ու վստահութեան պատճառով:

Աստուածաշնչեան այս կանայք յառաջացած տարիքի մէջ էին և անոնց որդեծնութիւնը անհնար կը թուէր: Մարդիկ կը նախատէին անոնց, թէ ինչո՞ւ Աստուած լքած է զիրենք և զաւակ չի պարգեւեր: Մարդոց չափանիշները տարբեր են, Աստուծոյ չափանիշերը՝  տարբեր. «Ինչ որ անհնար է մարդոց համար, Աստուծոյ համար հնարաւոր է» (Ղուկ. 18.27):

Ինչպէս մեր հայրերը կ՛ըսեն. «Աստուած նոյնն է երէկ, այսօր և վաղը»: Ան խոստացած  է մեզի, որ եթէ հաւատանք, կեանք կ՛ունենանք, աւելին կը տրուի: Եւ Անոր խոստումին ժամանակը չանցնիր: Եթէ Աստուած խոստացեր է՝ «երկինք ու երկիր կ՛անցնին, բայց Աստուծոյ խօսքը կը մնայ յաւիտեան»:

Որքան ալ աշխարհի աղմուկը, հոգերը, գայթակղութիւնները հակառակը ապացուցեն, մենք՝ քրիստոնեաներս, խոստման որդիներ ենք: Որքան ամուր բռնենք Տիրոջ խոստումը, այնքան իրական կ՛ըլլայ ան մեր կեանքին մէջ:  

 

Աստուածաշնչեան հերոսներու կենդանի օրինակով Աստուծոյ խօսքը մեզի կը սորվեցնէ, որ եթէ քայլ ընենք դէպի Աստուած, որքան էլ մեղաւոր ըլլանք, «կ՛արդարանանք մեր հաւատքով», ինչպէս Աբրահամը, Իսահակը, Յակոբը, Յովսէփը՝ Հին ուխտին մէջ, առաքեալները՝ Նոր ուխտին մէջ: Նոյնիսկ չիմանալով, թէ ուր կը կանչէ իրենց Աստուած, անոնք ձգեցին ամէն ինչ և հետևեցան Տիրոջը, երբեք կասկածի տակ չառին Աստուծոյ կոչը, որքան ալ իրողութիւնները և երևոյթները անյոյս էին:

Ժամանակներ  անցեր են, բազմաթիւ քամիներ փչեր են, բայց պատմութեան փոշին չէ կարողացած յաղթել Աստուծոյ զաւակներուն՝ մարգարէներուն ու առաքեալներուն գործերը: անոնք փոխեցին աշխարհը և այսօր ալ անոնց օրինակով մենք կը  հաստատուինք ՝ նորագոյն ժամանակներու քրիստոնեաներս:

Սուրբ Գիրքի հերոսներու ճանապարհը հեշտ չէր, անոնք բոլորն ալ անցած են կասկածներու, վախերու, յարձակումներու անապատներով: Դարեր առաջ, զարգացած ջրամատակարարման համակարգի փոխարէն Իսահակը ջրանցքներ կը փորէր, Յակոբի հարստութիւնը ոչ թէ դղեակներն էին, այլ անասուններ, ելեկտրական լամբի փոխարէն ճրագ կը վառէին և ինքնաշարժի փոխարէն ուղտեր և ձիեր ունէին: Նոր ժամանակներու  թեքնիք հնարաւորութիւնները, սակայն, չեն փոխած մարդուն էութիւնը. մարդը նոյնն է: Որքան ալ գիտութիւնը զարգանայ, միևնոյնն է. մարդկային իմաստութիւնը հեռու է աստուածայինէն: Նորագոյն ժամանակներուն մէջ ալ նոյն կասկածներն են, տառապանքը, վախերն ու անհանգստութիւնները: Գիտութեան զարգացման զուգահեռ անոնք չեն նուազած, այլ աւելցեր են, որովհետև մարդկութիւնը կը կորսնցնէ Աստուծոյ հետ կենդանի շփումը, մարդկութիւնը կը մոռնայ Տիրոջ խոստումը:

21-րդ դարին մէջ, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ, կը հնչէ Մարդու Որդիին ձայնը.

  • Կը Հաւատա՞ս:

Եւ Մարդու Որդին կը սպասէ մեր պատասխանին.

  • Օգնէ իմ անհաւատութեան, Տէր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին