Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէ Ընդունեց Կենսոլորտի Նախարար Ֆետի Ժըրէյսաթին

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  բոլոր միաւորները  իրենց  մշակութային, մարզական, սկաուտական,  երիտասարդական եւ այլ  գործունէութիւններուն զուգահեռ, իբրեւ տիպար լիբանանցիներ, չեն մոռնար  քաղաքացիական ծառայութեան իրենց պարտականութիւնները:   

Շաբաթ, 3 Օգոստոս  2019 կէսօրէ ետք  ժամը 2-ին, կենսոլորտի նախարար Ֆետի  Ժըրէյսաթիի  հովանաւորութեամբ, ՀԲԸՄ Զահլէի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զահլէի  տեղական վարչութիւններուն  կազմակերպութեամբ, World Vision  կազմակերպութեան հետ գործակցաբար, ՀԲԸՄ –ՀԵԸ Զահլէի ակումբին  մէջ եւ անոր շրջակայքը իւրայատուկ  ձեւով  նշեց  Կենսոլորտի  օրը:

Կէսօրէ  ետք, ժամը  2-ին նախարար Ֆէտի  Ժըրէյսաթի  ժամանեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զահլէի ակումբը: Անոր դիմաւորեցին  ՀԲԸՄ Զահլէի  վարչութիւնը, ատենապետ Շանթ Չինչինեանի, ՀԵԸ   Զահլէի  տեղական վարչութիւնը՝  Ճորճ  Տէյիրմենճեանի գլխաւորութեամբ:  Ընդունելութեան մասնակցեցան վարչականներ, միութենականներ, բարեկամներ:

Նախարարը  շրջեցաւ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Զահլէի ակումբին մէջ, ծանօթացաւ ակումբին մարզական, մշակութային, երիտասարդական եւ այլ գործունէութիւններուն: Մեր վարչականները  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին  նախարարին:

 Նախարարին  այցելութեան առիթով  տեղի ունեցաւ  պատշաճ  հանդիսութիւն: Բացման խօսքով  հանդէս եկաւ  Գարոլին Փամպուքեանը:  ՀԵԸ Զահլէի տեղական վարչութեան ատենապետ  Ճորճ Տէյիրմենճեան  բարի գալուստ մաղթեց նախարարին, յայտնելով, թէ մաքուր՝ կենսոլորտ,  մաքուր՝ հայրենիք նշանաբանով,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէ  կը հաւատայ  կանաչապատ  Լիբանանի տեսլականին:   World Vision-ի ներկայացուցիչ  Հաննա Մաթլի  նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց նախարարին  եւ շնորհակալութիւն  յայտնեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Զահլէին, այս  գեղեցիկ եւ  եզակի նախաձեռնութիւնը  յղանալու   համար: 

Իր կարգին  կենսոլորտի նախարար  Ֆէտի  Ժըրէյսաթի շնորհակալութիւն յայտնեց ի պատիւ  իրեն տրուած  ընդունելութեան եւ բարձր գնահատեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի կատարած աշխատանքը: Ան ողջունեց կենսոլորտի ապականութեան դէմ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի կեցուածքը, միաժամանակ մաղթեց, որ Լիբանանի տարածութեան վրայ բոլոր  կազմակերպութիւնները  ցուցաբերեն  նոյնպիսի ոգի եւ մօտեցում:

Ապա, մաքրութեան մասնակցողները ՀԵԸ-ի շապիկներ  հագած բաժնուեցան խումբերու եւ  սկսան  մաքրել ակումբին շրջապատը,  շրջանին հայկական թաղամասերը:  Անցորդ  քաղաքացիները  մեծապէս գնահատեցին  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Զահլէի այս  գնահատելի  նախաձեռնութիւնը:

Երեկոյեան  բոլորը մեծ  գոհունակութեամբ   եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան ակումբ:

Վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն:

ՀԵԸ-ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին