Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Արաքս Մանսուրեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արաքս Եղիայի Մանսուրեան  (1 Օգոստոս, 1946, Պէյրութ) Օփերային երգչուհի, սոփրանօ:

Արաքս Մանսուրեան ծնած է Լիբանան, ուրկէ մէկ տարեկան հասակին, ան իր կիլիկեցի արմատներով եւ Պէյրութի որբանոցի կեանքը ճաշակած ծնողներուն հետ բռնած է գաղթականութեան ճամբան: Հայաստան հաստատուած Մանսուրեաններու ընտանիքը առաջին տարիներուն ապրած է սոսկալի պայմաններու մէջ, սակայն շուտով տարիները բացայայտած են Աննա մայրիկի եւ իր անուշ ձայնով յայտնի Եղիա հայրիկի խնամած զաւակներուն տաղանդը. Արաքս Մանսուրեան, որ իր քաղցրահունչ կարկաչով դիւթած է հանդիսատեսի սիրտը եւ դարձած հայ ազգային օփերայի առաջնակարգ մենակատարներէն մէկը, շնորհիւ իր ձայնի գեղեցիկ հնչերանքին եւ բեմական վառ շնորհին, երգեցողութեան եւ տրամադիկական խաղի գեղարուեստականօրէն համոզիչ համադրութեան, կանացի բազմազան եւ խոր զգացումներու ազնուազարմ դրսեւորումին եւ վերջապէս իր սլացիկ ու գեղանի կեցուածքին։

Արաքս Մանսուրեան միջնակարգ դպրոցը աւարտելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Ռ.Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան, ուր չորս տարի ուսանելէն ետք, ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց: Ուսանողական տարիներուն նախկին ԽՍՀՄ քաղաքներու մէջ մասնակցած է երիտասարդ երգահաններու փառատօներուն` կատարելով երիտասարդ երգահաններու վոկալ գործերը, որոնք կը գրուէին յատուկ իր ձայնին համար: Եղած է շատ հեղինակներու գործերուն առաջին կատարողը` Գ.Չտչեան, Ռ.Սարգսեան, Իւ.Յարութիւնեան, Հ.Մելիքեան, Մ.Վարդազարեան, Մ. Իսրայէլեան, նաեւ եղբօր` Տիգրան Մանսուրեանի վոկալ շարքերու առաջին կատարողն է: Բազմիցս ելոյթներ ունեցած է փրոֆէսր Ռ. Աթայեանի նուագակցութեամբ` ըլլալով կոմիտասեան շարք մը երգերու առաջին մեկնաբանողը, նաեւ առաջին եւ միակ կատարողը Կոմիտասի անաւարտ «Անոյշ» օփերայի: 1974-ին աւարտած է երաժշտանոցը եւ ընդունուած Հայաստանի օփերայի եւ պալէի պետական թատրոնը` իբրեւ մեներգչուհի: Երգած է շարք մը դերերգեր, որոնցմէ են` Էլիզապէթ («Տոն Կարլոս»), Նեդդա («պայացներ»), Լէոնորա («տրուբադուր»), Աիտա («Աիտա»), Շուշան («Դաւիթ-Բեկ»), Անոյշ («Անոյշ»): Վերջին դերերգը կատարած է նաեւ Թիֆլիսի օփերային թատրոնէն ներս, թումանեանի ծննդավայր Լոռիի մէջ եւ 1989-ին` ԱՄՆ-ի մէջ: Բազմիցս մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ` երգացանկի մէջ եւրոպական երգահաններու կողքին ունենալով Կոմիտաս, հոգեւոր միջնադարեան երգեր, հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

 

«Զօրեղ ալիքներով հոգիս կ’ալեկոծէին երգարուեստի այն անցողիկ արժէքները, որոնք մօտ ապագային դարձան կեանքիս ուղեկից սրբութիւններ` հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, Կոմիտասի երգերը, գերմանացի ռոմանտիկներու ժառանգութիւնը: Թատրոնի մէջ առաջին իսկ փոքր դերէն սիրեցի օփերայի ներկայացման տարերքը, որ իւրայատուկ գրաւչութիւն ունի. կերտելու զանազան կերպարներ, ապրիլ անոնց կեանքով եւ ապրեցնել հանդիսատեսը, նպաստել, որ ան հաւատայ այն կերպարին, զոր անձնաւորած ես»,- կ’ըսէ Արաքս Մանսուրեան։

Արաքս Մանսուրեան 19 տարի է, որ կը բնակի Աւսրտրալիոյ Սիտնի քաղաքի մէջ, ան տեղի Օփերա Հաուզի մենակատարն է, հանդէս կու գայ այնպիսի դերերգերով, ինչպիսիք են» Լիու («Տուրանդոտ»), Աիտա («Աիտա»), Ֆլորիա Տոսկա («Տոսկա»), Տէզդեմոնա («Օթելլo»), Միմի («Պոհեմ»), Կատիա Կաբանովա («Կատիա Կաբանովա»), Սանտուցցա («Գեղջկական ասպետութիւն»), Ֆատա Միրգանա («Սէրն առ երեք նարինջներ»), Էլիզապէթ Վալուա («Տոն Կառլոս»), եւ այլն:

Արաքս Մանսուրեան Զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Սիտնիի երաժշտանոցէն ներս` օտարները ծանօթացնելով հայկական երգարուեստի հետ: Անոր շնորհիւ բազմաթիւ օտար երիտասարդ երգիչներու երգացանկերուն մէջ տեղ կը գտնեն Կոմիտասի, Կանաչեանի, Մելիքեանի, Սպենդիարեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ:

Հետեւաբար այսօր Արաքս Մանսուրեան մեծ առաքելութիւն կը կատարէ Աւստրալիոյ մէջ։ Անոր չինացի եւ աւստրալիացի ուսանողները մեծ սիրով կ՚երգեն Կոմիտասի «Հոյ Նազան»ը, «Քելէ, քելէ»ն, եւ կ’երգեն այնքան հարազատ, որ Ա. Մանսուրեանի առաջնորդութեամբ անոնք համերգներով հանդէս եկան Հայաստանի մէջ։

2015 թուականին Հանրապետութեան տօնի առթիւ Արաքս Մանսուրեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով։ Ան պարգեւատրուած է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս»-ի անուան մետալով։

Սերգէյ Փարաջանով Արաքս Մանսուրեանի մասին ըսած է,- «Ողջ կեանքիս ընթացքին ինծի կը թուէր, թէ հոգիիս բազում կարօտներէն կայ մէկը` ժառանգականօրէն հարազատ, արիւնս տակնուվրայ ընող եւ յաւիտենականօրէն անհասանելի… Կը դժուարանայի գտնել անոր ստոյգ անուանումը, սակայն երբ Արաքս Մանսուրեանի կատարմամբ լսեցի հայ հոգեւոր երգերը, հասկցայ, որ ինծի համար պակսողը այդ էր՝ դարերէն եկած հայ ոգեղէնութեան ազնուական ու լուսաւոր մարմնաւորում»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին