Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Լուի Տը Ֆիւնէս

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լուի Տը Ֆիւնէս(31 Յուլիս, 1914, Ֆրանսա)-(27 Յունուար, 1983, Ֆրանսա)

Ֆրանսացի դերասան։

Խաղացած է մօտ 150 ֆիլմերու մէջ, առաւել յիշարժան են անոր կատակերգական դերերը։

Երիտասարդ ժամանակ Լուին կը զբաղէր նկարչութեամբ եւ դաշնամուր կը նուագէր։ Դարձաւ ճազ ոճի երգեր նուագող դաշնակահար։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Փարիզի պաշարման ժամանակ Լուի Տը Ֆիւնէս երաժշտական դպրոցի մէջ դաշնամուր կը դասաւանդէր, ան սիրահարուեցաւ քարտուղարուհի Ժաննային։ Ժաննան սիրահարուեցաւ «փոքրիկ մարդուն, որ ճազ կը խաղար իբրեւ աստուած»։ Անոնք 1943 թուականին ամուսնացան եւ միասին եղան 40 տարի՝ մինչեւ Լուի տը Ֆիւնէսի մահը (1983)։

Պատերազմի աւարտէն ետք Տը Ֆիւնէս 1945 թուականին նկարահանուեցաւ «Պարպիզոնեան գայթակղութիւն» ֆիլմի մէջ։ Բայց փառքի հասնելու համար ան դեռ շատ երկար ճանապարհ ունէր։

1958 թուականին Լուի Տը Ֆիւնէս «Բռնուած չէ, գող չէ» ֆիլմի մէջ մարմնաւորեց գլխաւոր հերոսը՝ որսագող Պլերոյը։ Այս ֆիլմը անոր մեծ ճանաչում բերաւ։ Այս ֆիլմէն ետք  զինք կ’անուանէին «Տոնալտ Տաք»։ 60-ականներուն Լուի Տը Ֆիւնէսը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր։ Ան տարեկան կը նկարահանուէր երեք-չորս ֆիլմերու մէջ։

Անոր «Մեծ զբօսանք» եւ «Բերանբացը», գրկաբաց ընդունուեցաւ աշխարհի աւելի քան տասը միլիոն հանդիսատեսներու կողմէն։ Նոյն ձեւով սիրուեցաւ ոստիկաններու մասին պատմող անոր դիպաշարը։

1970-ականներուն Լուի Տը Ֆիւնէս կը մնար որպէս Ֆրանսայի ամենասիրելի ու ամենայայտնի դերասաններէն մէկը։ 1973 թուականին Մարտ 15-ին պարգեւատրուեցաւ Ֆրանասայի ամենաբարձր պարգեւով՝ պատուաւոր Լէկէոնի շքանշանով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին