«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Աւետ Տէրտէրեան (29 Յուլիս, 1929, Պաքու)-(11 Դեկտեմբեր, 1994, Երեւան)
Երաժշտահան, ժողովրդական արուեստագէտ, ՀԽՍՀ պետական մրցանակի դափնեկիր (1977)։ Աւետ Տէրտէրեանը կը համարուի նոր սիմֆոնիք ոճի հիմնադիրը։
Աւետ Տէրտէրեանի Հայրը եղած է բժիշկ, հանդէս եկած է նաեւ որպէս երգիչ։ Մայրը, չունենալով մասնագիտական երաժշտական կրթութիւն, հանդէս եկած է որպէս երգչուհի: 1948 թուականին Տէրտէրեանը ուսումը սկսած է Պաքուի երաժշտական ուսումնարանէն ներս, 1951 թուականին տեղափոխուած է Երեւան, Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարան: 1952 թուականին՝ ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց երաժշտահանութեան բաժին, էդուարդ Միրզոյեանի դասարան։ 1985 թուականէն Տէրտէրեանը դասախօսած է երաժշտանոցէն ներս։ Մահացած է 1994 թուականին յուղարկաւորուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնէն ներս։
Տէրտէրեանի երաժշտութիւնը բազմազան չէ։ Ան առաւելապէս յայտնի է իր սիմֆոնիք երաժշտութեամբ: Անոր սիմֆոնիաները իրենց նորարարական մեծ խիզախութեամբ եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութեան ինքնատիպ կիրառմամբ նոր խօսք էին ոչ միայն հայկական երաժշտական արուեստի մէջ, այլեւ խորհրդային եւ համաշխարհային երաժշտութեան մէջ (որոշ սիմֆոնիաներու մէջ Տէրտէրեանը օգտագործած է տուտուկ, զուռնայ, թառ եւ այլն)։ Երաժշտանոցի ուսման տարիներուն Աւետ Տէրտէրեանը գլխաւորաբար ստեղծած է վոկալ եւ գործիքային ստեղծագործութիւններ, որ բարձր գնահատուեցաւ մոսկովեան երիտասարդ երաժշտական ստուգատեսութեան ընթացքին։ Տէրտէրեանի աւարտական աշխատանքը «Հայրենիքը» հինգ մասէ կազմուած շարք է նուագախումբի սոբրանոյի եւ պարիթոնի համար (Յ. Թումանեանի եւ Յ. Շիրազի խօսքերով)։ «Հայրենիք», այնուհետեւ «Յեղափոխութիւն» վոկալ-սիմֆոնիք շարքերուն հետեւեցաւ լարային քառեակներու ստեղծումը։ Այստեղէն սկիզբ առած է երաժիշտի ուրոյն գրելաոճը։ Ան հրաժարած է դասական հարմոնիայի համակարգէն եւ անոր պարտադիր կանոններէն։ Տէրտէրեանը սիմֆոնիստ էր իր երաժշտական մտածողութեամբ։
Աւետ Տէրտէրեանը գրած է 8 սիմֆոնիա, ունի հինգ տասնեակէ աւելի ստեղծագործութիւններ, ստեղծած է 2 օփերա եւ գրած է մէկ տասնեակէ աւելի ֆիլմերու երաժշտութիւն։