«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արամ Ալպան (Առնաուտեան) (30 Յուլիս, 1883, Կ. Պոլիս)-(4 Մարտ, 1961, Գահիրէ)
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ
Փոքր հասակէն Արամ Առնաուտեանի ուսուցչուհին զինք անուանած է «ալպան», որ թրքերէն կը նշանակէ «առնաուտ», հայերէն՝ ալպանացի։
1895 թուականին Արամը ծնողներուն հետ միասին փախած են համիտեան ջարդերէն եւ հաստատուած Ալեքսանդրիա (Եգիպտոս), կրթութիւն ստացած է Պէրպէրեան վարժարանի մէջ: Դասեր առած է հօրմէն, յաճախած է տեղի զուիցերիական վարժարան, ապա՝ Ֆրերներու դպրոց: Չդիմանալով դպրոցի խիստ կանոնակարգին՝ տեղափոխուած է Իտալական վարժարան: Սորված է մի քանի լեզու: Փոքր տարիքէն սիրած է երաժշտութիւն, նուագած է ջութակ: Լուսանկարչական արուեստին ծանօթացած է ընկերոջ՝ Պէլեանին օգնելով, յետագային դարձած է Եգիպտոսի յայտնի լուսանկարիչներէն մէկը:
1904 թուականին ստեղծած է «Ռամլէյ Ալթրամ» ընկերութեան աշխատակիցներու դիմա-լուսանկարները, 1906 թուականին աշխատած է լուսանկարիչ Թաշչեանի հետ: Ռաշիտ փողոցի մէջ բացած է անձնական լուսանկարչատուն: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, երբ Ալպանը մեկնած է Պելճիքա, լուսանկարչատունը յանձնած է գործընկերոջ՝ Աբգարին: 1918 թուականին հմտանալով լուսանկարչութեան մէջ՝ Պրիւքսէլի մէջ բացած է լուսանկարչատուն: Ալպանի համբաւը հասած է Պելճիքայի թագաւորական ընտանիքին, եւ 1919 թուականին ան դարձած է արքունական լուսանկարիչ: Պելճիքայի Էլիզապէթ թագուհիի խորհուրդով մասնաճիւղ բացած է Փարիզի մէջ եւ 1925 թուականին հաստատուած է այնտեղ, լուսանկարչական արուեստանոց բացած է Փարիզի Բոնդէօ փողոցի մէջ, համագործակցած է Ժորժ Սաադիի հետ, միասին ստեղծած են գովազդային լուսանկարներ “Vort”, ”Touman” “don Lap” “Cristoff” կազմակերպութիւններու համար:
Ալպան աշխատակցած է “Votre” Bordre”, “Paris Magazine” պարբերականներուն: Անոր բազմաթիւ աշխատանքներ տպագրուած են այնպիսի ամսագրերու մէջ, ինչպիսիք են “Photographia” եւ “Paris” ամսագրերը: 1930 թուականին լուսանկարիչ Հրանդ Մասիսեանի հետ Ֆոբուր Սենդ Օնորէ փողոցի մէջ բացած են լուսանկարչատուն:
Մասնակցած է Փարիզի մէջ կայացած 25-րդ լուսանկարչական ցուցահանդէսին: 1932 թուականին Ալպանի աշխատանքները ցուցադրուած են Պրիւքսէլի միջազգային ցուցահանդէսին: 1940 թուականին, երբ նացիզտական Գերմանիան գրաւեց Պելճիքան, Ալպան վերադարձաւ Եգիպտոս, նիւթական կորուստներ կրելով, հաստատուեցաւ Գահիրէի մէջ, ուր կեդրոնի մէջ բացաւ իր առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը: 1944 թուականին լուսանկարչուհի Շաքէին առաջարկած է աշխատիլ իր հետ: Անոնց աշխատանքները ցուցադրուած են Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի եւ Գանատայի ազգային թանգարանի մէջ:
Ալպանի մահէն ետ Շաքէն շարունակած է արուեստանոցի գործունէութիւնը՝ մինչեւ 1970-ական թուականներու սկիզբը ստորագրելով «Շաքէ-Ալպան»: 1990 թուականին Ալպանի աշխատանքները ներառուած են ֆրանսայի մէջ հրատարակուած «Մամուլի լուսանկարչութեան 50 տարին» պատկերագիրքի մէջ: