Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան (27 Յուլիս, 1942, Ֆրանսա)

Ուսողագիր, պատմաբան, հայագէտ, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային կաճառի արտասահմանեան անդամ, Երեւանի պետական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր, Սորպոնի համալսարանի փրոֆէսոր։

Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան ծնած է՝ 1915 թուականի ցեղասպանութենէն մազապուրծ ծնողներու ընտանիքի մէջ։ Հայրը ֆրանսահայ նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանն է։

Աւարտած է Փարիզի հարաւային համալսարանը՝ ուսողութեան մասնագիտութեամբ (1965), սորպոնի համալսարանի մէջ ստացած է բիւզանդագիտութեան խորացուած ուսուցման վկայական (1993), ուսում ստացած է Փարիզի մանկավարժական հիմնարկի մէջ (1962–1966)։

Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ բազմաթիւ աշխատանքներու հեղինակ է։

1988 թուականին լոյս տեսած է անոր «Կիլիկեան կայսրութիւններու խաչմերուկներուն» երկհատոր աշխատութիւնը, թարգմանուած է նաեւ հայերէն։

2010 թուականին լոյս տեսած է «Հայաստանի 12 մայրաքաղաքները» («Les douze capitales d’Armռnie») ֆրանսերէն գիրքը (խմբագիրներ՝ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան, ֆրանսահայ արուեստաբան Փաթրիք Տօնապետեան)։

2012 թուականին լոյս տեսած է անոր «Լեւանտեան Հայաստան» աշխատութիւնը։

Արմէն Մութաֆեան երեք մեծ ցուցահանդէս կազմակերպած է՝

«Կիլիկիոյի հայոց թագաւորութիւնը»՝ Սորպոնի մատուռ (1993)

«Հռոմ-Հայաստան»՝ Վատիկան,

«Գիրի մոգականութիւնը»՝ Մարսել (2007)

2002 թուականին Փարիզի Սորպոնի համալսարանի մէջ պաշտպանած է՝ «Հայկական դիւանագիտութիւնը խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակաշրջանին» թեզը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին