Չորեքշաբթի, 13. 11. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մինաս Չերազ 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինաս Չերազ (25 Յուիս, 1852, Կ. Պոլիս)-(1929 Փարիզ) Գրող, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ։

Հինգ գրքերու հեղինակ Մինաս Չերազը ծնած է Պոլիս, 1852 թուականին։ 37 տարեկանին օսմանեան իշխանութիւններու հետապնդումներէն խուսափելու համար մեկնած է լոնտոն, այնտեղ հիմնած է «Լ. Արմենի» գրական քաղաքական թերթը, հայ մշակոյթը օտար ազգերուն ներկայացնելու եւ հայոց դատի պաշտպանութեան համար Եւրոպայի մէջ բարենպաստ հասարակական կարծիք ստեղծելու նպատակով։ 1890 թուականին Լոնտոնի Քինկս կրթական հաստաութեան մէջ հիմնած ու ղեկավարած է հայերէնի ամպիոնը։

Մինաս Չերազը առաւելապէս յայտնի է որպէս 1878 թուականին Խրիմեան Հայրիկի (1893 թուականէն՝ կաթողիկոս) գլխաւորութեամբ Պերլինիի վեհաժողով մեկնած հայկական պատուիրակութեան թարգմանիչ եւ քարտուղար։

Չերազը Խրիմեանի հետ այցելած էր եւրոպական շարք մը երկիրներ, դիւանագիտական ճանապարհով Հայկական հարցը լուծելու նպատակով։ 1880 թուականին Արփիար Արփիարեանի հետ ղեկավարած է Կ. Պոլսի «Միացեալ ընկերութիւնք հայոց» բարեգործական կազմակերպութիւնը։ 1889 թուականին ալ տեղափոխուած է Փարիզ, շարունակելով «Լ. Արմենի» թերթի հրատարակութիւնը։ Այստեղ ալ շարունակած է իր ազգանպաստ գործունէութիւնը։ Ուշագրաւ է անոր հրատարակած «Թէ ինչ շահեցանք Պերլինի վեհաժողովին» աշխատութիւնը, որ թարգմանուած է նաեւ ֆրանսերէն։ Անիկա հրատարակուած է անգլիական կառավարութեան կողմէ, «Կապոյտ գիրքի մէջ»։ Չերազը ֆրանսերէն թարգմանած է Պ. Դուրեանի, Ռ. Պատկանեանի, Խ. Գալֆայեանի ու այլ բանաստեղծներու ընտիր երկերը «Հայ բանաստեղծները» խորագիրով։ Անգնահատելի են հայ եւ ընդհանրապէս նաեւ այլ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին անոր մատուցած ծառայութիւնները, որուն համար Վենեզուելայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ազատարար Պոլիւիարի խաչով»։ Պարգեւատրուած է նաեւ պարսկական «Առիւծի եւ Արեւի սպայութեան աստիճան» շքանշանով։

1926 թուականին Սփիւռքի մէջ մեծ շուքով նշուած է Մինաս Չերազի գործունէութեան 60-ամեակը, եւ ան Մարսելի մէջ արտասանած իր ճառի մէջ ըսած է.«Տեղահանութիւնն ու ջարդը անապատի ու գերեզմանատան փոխեցին Տաճկահայաստանը, սակայն հայութեան մոխիրներուն մէջէն Ռուսահայաստանը ծնաւ իբր փիւնիկ։ Այժմ ալ հոն է մեր մխիթարութեան աղբիւրը, մեր յոյսերուն խարիսխը։ Օգնենք այդ երկրին, ինչ վարչաձեւի տակ ալ ըլլայ։ Վարչաձեւը առօրեայ է, հայրենիքը՝ յաւիտեան»։ Եւ իր յոբելեանի առիթով հաւաքուած 200 հազար ֆրանքը յանձնած է հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ պայմանով, որ գումարի տոկոսը ստանայ մինչեւ իր կեանքի վերջը, իսկ մահէն ետք ամբողջ գումարը նուիրաբերուի Հայաստանին՝ Չերազեան անունով վարժարան կառուցելու համար։

Չերազը 1928 թ. մահացած է Փարիզի մէջ եւ թաղուած այն գերեզմանատան մէջ, ուր եւ 1935 թուականին, անոր շիրմաթմբի հարեւանութեամբ, թաղուած էր նաեւ Կոմիտասը։ 1936 թուականին Կոմիտասի աճիւնի հետ Փարիզէն Երեւան բերուած է նաեւ Մինաս Չերազի աճիւնը։ Չերազի թաղումը մեծ շուքով եղած է Նուպարաշէնի՝ անոր դրամով կառուցուած դպրոցի բակին մէջ։ Մէկ թէ երկու տարի անց Չերազի աճիւնը դպրոցի բակէն կը հանեն։ Հիմա անոր աճիւնի վայրը յայտնի չէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին