Շաբաթ, 14. 06. 2025

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Ալեքսանդր Տիւմա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալեքսանդր Տիւմա (հայր)

(24 Յուլիս, 1802 Վիլլէ Գոդրէ) –(5 Դեկտեմբեր, 1870 Տյէբ) 

ֆրանսացի գրող, նաեւ թատերագիր եւ լրագրող, որուն արկածներով լի վէպերը զինք դարձուցին աշխարհի ամենաշատ կարդացուող ֆրանսացի հեղինակներէն մէկը։ Անոր ամենայայտնի գիրքերէն են «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ» եւ «Երեք հրացանակիրները» վէպերը։ Գրած է մօտ 150 ստեղծագործութիւն։ Քանի որ անոր տղան եւս կը կրէր Ալեքսանդր անունը եւ գրող էր, չշփոթելու համար անուան մօտ յաճախ կ’աւելցուի -«հայր» բառը։

Տիւմա կը համարուէր խառնարիւն, քանի որ հայրական մեծ մայրը սեւամորթ ստրկուհի էր։ Պատերազմի հերոս հայրը կը մահանայ, երբ Ալեքսանդրը ընդամէնը 4 տարեկան էր։

Մանկութիւնը, պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը անցած են հարազատ քաղաքին մէջ։ Տիւման կ’որոշէ անպայման դառնալ թատերագիր։ Առանց դրամի եւ կապերու, յոյսը դնելով միայն հօր հին ընկերներու վրայ, ան կ’որոշէ տեղափոխուիլ Փարիզ: 20-ամեայ Ալեքսանդրը, որ չունէր կրթութիւն սկսաւ լրացնել իր կրթութեան պակասը։ Անոր ընկերներէն մէկը կազմեց հեղինակներու ցանկ, որոնց պէտք է կարդար Ալեքսանդրը. Ցուցակի մէջ կային դասական, յուշագրական, տարեգրային աշխատութիւններ։

Տիւման, ով հոգ կը տանէր մօրը, ինչպէս նաեւ ապօրինի տղուն՝ Ալեքսանդրին, գրեց «Հենրի երրորդն ու իր արքունիքը» տրաման ստեղծուեցաւ 2 ամսուայ ընթացքին։

Տիւման դարձաւ Արսենալի մէջ գտնուող Նոտյէ սալոնի մշտական յաճախորդը։

Ալեքսանդր Տիւմայի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են աշխարհի բազմաթիւ լեզուներով եւ բազմաթիւ թատերական ներկայացումներու եւ ֆիլմերու համար սենարներ հանդիսացած են։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին