«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ուիլեամ Տեֆո. ամերիկեան թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան։
Տեֆօ ծնած է 22 Յուլիս 1955-ին Էբլթոն քաղաքին մէջ։ Դերասանական կրթութիւն ստացած է Միլոիկի համալսարանին մէջ, իսկ ապա մեկնած է շրջագայութեան «Թատրոն X» աւանգարդ թատրոնին հետ։ Չորս տարի Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ ճաբորդութիւններէն ետք կը դառնայ «Կատարման խումբ» թատերական խումբի անդամ։
Առաջին դերը խաղցած է 1980-ին՝ Մայքլ Չիմոնոյի «Դրախտի դարպասները» ֆիլմին մէջ։ սակայն նրա մասնակցութեամբ կադրերը կտրուել են։ Ամբողջ աշխարհի մէջ Տեֆոյին յայտնիութիւն բերաւ Օլիվըր Սթոունի «Դասակ» ֆիլմը։ Զինուորական դրաման ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյն ֆիլմը, իսկ Տեֆոն ստացաւ իր առաջին «Օսքար»-ը։ 1988-ին Տեֆոն խաղցաւ իր կարեւորագոյն դերերէն մէկը՝ Յիսուսի դերը Մարթին Սգորսեզէի «Քրիստոսի վերջին գայթակղութիւնը» ֆիլմին մէջ։
2001-ին, դերասանը երկրորդ անգամ արժանացած է «Օսքար»-ի։ Այս անգամ Մաքս Շրեքի «Վամփիրի ստուերը» ֆիլմին մէջ կատարած դերին համար։ Տեսնելով Տեֆոյի խաղը զինք հրաւիրած են խաղալու «Սարդ֊Մարդը» ֆիլմին մէջ, ուր ան խաղցած է Կանաչ Կոպլինի դերը։ Այդ դերը դարձած է դերասանի «այցեքարտ»-երէն մէկը։