Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Մինաս Աւետիսեան 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մինաս Աւետիսեան  (20 Յուլիս, 1928, Ջաջուռ, (Այժմ Շիրակի Մարզ)-(23 Փետրուար, 1975, Երեւան) Անուանի գեղանկարիչ։ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկը։

Մինասի հայրը՝ Կարապետը, մշեցի դարբին էր, իսկ մայրը՝ Սոֆոն, կարսեցի քահանայի դուստր էր: Պատանի հասակին ան տարուած է Մարտիրոս Սարեանի արուեստով։ Առաջին անգամ նկարիչի հետ ծանօթացած է 18 տարեկանին։ Մինասի գեղարուեստական զարգացման գործին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայկական մանրանկարչութիւնը եւ իտալական վերածնունդի նկարչութիւնը։

Գեղագիտական կրթութիւնը նկարիչը ստացած է Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի մէջ (1947-1952)։ Մէկ տարի ետք պետական գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի մէջ, 1953 թուականին տեղափոխուած է Լենինկրատի Իլիա Ռեբինի անուան Գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան հիմնարկ, ուր ուսանած է Ա. Զայցեւի եւ Լ. Խուտեակովի արուեստանոցի մէջ։ Աւարտած է 1960 թուականին ու վերադարձած Երեւան։ Աւարտական աշխատանքի ղեկավարը եղած է Պորիս Եոհանսոնը։

Մինասը ստեղծած է հայկական գիւղաշխարհը արտացոլող համադրումներ, բնանկարներ, ինչպէս նաեւ դիմանկարներ, որմանկարներ։ Մինասի ստեղծագործութիւնները իւրայատուկ են իրենց գունային հակադրութիւններով, որոնք կ’արտայայտեն լուսաւոր, քնարական տրամադրութիւններ, երբեմն՝ ողբերգական շեշտերով։ Անդրադարձած է նկարչութեան բոլոր ոլորտներուն՝ գեղանկարչութիւն, կրաֆիք, որմանկարչութիւն, բեմանկարչութիւն եւ այլն։ Յայտնի նկարներէն մի քանի հատը կը վերաբերին հայ ժողովուրդի անցեալին՝ յատկապէս 1915 թուականի հայկական ջարդերուն, որոնցմէ մազապուրծ եղած են նաեւ նկարիչի ծնողները։ Այդ ժամանակաշրջանին կը պատկանին 1965-1967 թուականներուն ստեղծուած «Ճանապարհ. ծնողներուս յիշողութիւնները», «Տէր-Զօրի ճանապարհին» (1964 թ) կտաւները։

1962 թուականին մասնակցած է «Հինգի ցուցահանդէսին» (Լաւինիա Բաժբէուկ-Մելիքեան, Ալեքսանդր Գրիգորեան, Արփենիկ Ղափանցեան եւ Հենրիկ Սիրաւեան)։ Եղած է ՍՍՀՄ նկարիչներու միութեան անդամ։

1964 թուականին Մինասը ամուսնացած է նկարչուհի Գայեանէ Մամաճանեանի հետ։ 1966 թուականին ծնած է անոնց անդրանիկ զաւակը՝ Արմանը։ 1969 թուականին՝ Նարեկը, որ նոյնպէս նկարիչ է։

1968 թուականին առաջին անգամ նկարահանուած է ֆիլմի մէջ, որ կը կոչուէր «Հայկական հողի գոյնը» (Միքայէլ Վարդանեն)։

1968 թուականին արժանացած է ՀՍՍՀ վաստակաւոր նկարիչի կոչման։

1970 թուականին Մոսկուայի «Սովետսկի խուտոժնիկ» հրատարակչութիւնը հրապարակած է Հենրիկ Իգիթեանի «Մինաս Աւետիսեան» մենագրութիւնը։

Մինասի հասուն ստեղծագործական կեանքը տեւած է 15 տարի՝ 1960–1975 թուականներուն, որուն ընթացքին նկարիչը ստեղծած է մօտ հինգ հարիւր մեծ ու փոքր կտաւ, մօտաւորապէս նոյնքան գծանկար, քսան մեծածաւալ որմնանկար, մէկ տասնեակէ աւելի պալէի ու թատերական ձեւաւորումներ։

1972 թուականի Յունուար 1-ի լոյս 2-ի գիշերը հրդեհ բռնկուած է նկարչիի արուեստանոցին մէջ, եւ այրած են այնտեղ հաւաքուած բոլոր գործերը, նաեւ Փարիզի մէջ կազմակերպուելիք անհատական ցուցահանդէսի համար հաւաքած աշխատանքները (մօտ 300 աշխատանք, որմէ 120–ը՝ գեղանկարներ), անձնական արխիւը (նամակներ եւ այլն)։

1975 Փետրուար 16-ին Մինասը Երեւանի մէջ մեքենայի արկածի պատճառով մտաւ հիւանդանոց, մէկ շաբաթ անց մահացաւ։ Անոր մահուան հանգամանքները մինչ օրս կը մնան ամբողջութեամբ չպարզուած։

Մինաս Աւետիսեանի կիսանդրին Երեւանի Քանաքեռ-Զեյթուն համայնքի՝ Մինաս Աւետիսեանի անուան զբօսայգիին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին