Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

«Գառնի»ի Մէջ Տեղի ունեցաւ Կոմիտասի եւ Թումանեանի Նուիրուած Յոբելենական Համերգ

Հայաստանի երեք յայտնի երաժշտախումբեր «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ հանդէս եկան Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած համերգով:

Յուլիս 14-ին Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցած երեկոյին մասնակցեցան Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար` Վահան Մարտիրոսեան), Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար` Ռոպերթ Մլքէեան), «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը (խմբավար` Սոնա Յովհաննիսեան):

Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի հաղորդմամբ` համերգը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին մասը նուիրուած էր կոմիտասին, այդ հատուածին մէջ երաժշտախումբերը կը ղեկավարէր Ռոպերթ Մլքէեանը, երկրորդ մասը նուիրուած էր Թումանեանին, զոր ղեկավարեց Վահան Մարտիրոսեանը:

Համերգի սկիզբը ազդարարուեցաւ Կոմիտասի ձայնով, այնուհետեւ հնչեցին Կոմիտասեան խմբերգային գոհարներ, հայ ժամանակակից երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ եւ մշակումներ` կամերային նուագախումբի համար,Կոմիտասի ինչպէս սիրուած, այնպէս ալ լայն հանրութեան անյայտ ստեղծագործութիւններ: Ներկայացուեցան Յովհաննէս Թումանեանի գրուածներուն հիման վրայ հայ երաժշտահաններու կողմէ տարբեր տարիներու գրուած մեներգեր, ռոմանսներ, խմբերգներ, հատուածներ «Անուշ» օփերայէն եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

«Գառնի»ի տարածքին տեղադրուած էին մեծ պաստառներ, որոնցմով ունկնդիրը ոչ միայն կը հետեւէր համերգին, այլեւ՝ կը դիտեր Կոմիտասին եւ Թումանեանին առնչուող ինքնատիպ տեսաշար, ուր ներկայացուած նիւթերուն մեծ մասը հանրութեան կը ներկայացուէր առաջին անգամ: Երաժշտախումբերու ելոյթները կ՛ամբողջացնէին ինքնատիպ լուսային ներգործութեամբ:

Երկու ժամ տեւողութեամբ երեկոյի ընթացքին որպէս մենակատարներ հանդէս եկան՝ Վահան Մարտիրոսեան (դաշնամուր), Նիկոլայ Մադոյան (ջութակ), Արտակ Ասատրեան (դուդուկ), Ամալիա Թորոսեան, Նարինէ Ոսկանեան, Սոֆիա Սայադեան (սոփրանօ), Արամօ Մամիկոնեան, Վրէժ Ղարիբեան  (թենոր), Ակսել Դաւեյան, Յովհաննէս Գրիգորեան, Մաւր Մկրտչեան  (բարիտոն):

«Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի երաժշտախումբերը մեծ պատասխանատւութեամբ պատրաստուած են այս համերգային երեկոյին: Իրականացուած է ծաւալուն կազմակերպչական աշխատանք` յաւուր պատշաճի կազմակերպելու Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած այս մեծ համերգը: Վստահ ենք` համերգային երեկոն հաճելի էր մեր ունկնդիրին, եւ մեր ունկնդիրը զայն դեռ երկար պիտի յիշէ: Այս համերգը Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած տարուան ամենամեծ ծրագիրներէն էր»,- ըսած է Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Նորայր Նազարեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին