Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Տիգրան Համասեան 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երաժշտության ճարտարապետը: Տիգրան Համասեան ճազ դաշնակահար

(17 Յուլիս, 1987 Գիւմրի։ 

2006 թուականին աշխարհահռչակ Մոնքի (Thelonious Monk International Jazz Competition)անուան միջազգային ճազ մրցոյթի  յաղթող։

Տիգրան Տամասեան դեռ երկու տարեկան հասակէն շատ սիրած է երաժշտութիւնը։ Երաժշտական գործիքները զինք աւելի գերած են, քան խաղալիքները։ Եօթ տարեկանին արտայայտուած է անոր սէրը ճազի նկատմամբ, իսկ կարեւորագոյն զբաղումներէն մէկը  եղած է ճազ լսելը։

Յետագային Տիգրանի ծնողները կը տեղափոխուին Երեւան, եւ ան աւելի մեծ հնարաւորութիւն կ’ունենայ լրջօրէն զբաղելու երաժշտութեամբ։ Ճազին ժամեր յատկացնելով՝ կը փորձէ գտնել ամենահոգեհարազատ տարրերը այդ բնագաւառէն ներս։ Շուտով կը սկսի ստեղծագործել, եւ տարիքի հետ ալ աւելի կը մեծնայ անոր սէրն ու վարպետութիւնը։

Տիգրանի նախնիները Կարսէն են։ Անոր նախապապը՝ Ալեքսան Հայրապետեանը, Կարսի Բաշքադիկլար գիւղէն է։ Ջարդի տարիներուն Ալեքսանը թուրքերուն զոհ կը դառնայ, եւ Հռիփսիմէն մինակ կը մնայ երեք երեխաներու հետ։ Անյայտ է, թէ ինչպէս, սակայն 1917-1918 թուականներուն Հռիփսիմէն կրցած է երեխաներուն հետ Կարսէն փախչել Ալեքսանդրապոլ (այժմ՝ Գիւմրի)՝ իր հետ տանելով նաեւ իր եղբօր եւ տագրոջ որբ մնացած երեխաները։

Տիգրան Համասեան ցեղասպանութենէն փրկուած նախնիներու պատմութենէն շատ բան չի գիտեր. «Մեծ մայրս կը պատմէր, որ Հռիփսիմէն, երբ մինակ էր «Կռունկ»-ը կ’երգէր ու կու լար, ան ողջ կեանքի ընթացքին սեւ գլխաշորը չէ հանած գլուխէն»։

Փառատօններէն մէկուն ժամանակ ֆրանսացի ճազային դաշնակահար Ստեփան Կոչոյեան այնքան տպաւորուած է Տիգրանի հրաշալի նուագով, որ յաջորդ տարի զինք հրաւիրած է ֆրանսա՝ մասնակցելու տարբեր համերգներու։ Ան Ֆրանսիայի մէջ մեծ յաջողութիւններու կը հասնի եւ կ’արժանանայ հանդիսատեսի համակրանքին։

Այժմ Տիգրան հասած է բարձունքներու, կը շարունակէ զարգացնել եւ ստեղծել նոր ոճեր ու նոր մտահաղացումներ հաղորդել երաժշտական արուեստին: Լսելով եւ տեսնելով երաժիշտի ստեղծագործութիւնները անցեալին ու ներկայիս, անոր ծրագիրներն ու նպատակները` կրնանք համարել, որ ան հայ երաժշտութեան ճարտարապետներէն է: Յայտնի է, որ ճարտարապետութիւնն ու երաժշտութիւնն իրար հետ փոխկապակցուած գոյատեւած են բոլոր ժամանակներուն, ձայնով եւ երաժշտութեամբ ստեղծուած է նաեւ տիեզերական արարումը:

Այսպիսով, Տիգրան Համասեան 2006թ. 18 տարեկան հասակին թողարկած է իր առաջին ‹‹World Passion›› ալպոմը եւ ապա մէկը միւսի ետեւէն ծնած են երիտասարդ երաժիշտի միւս ալպոմները ինչպիսիք են` 2007-ին ‹‹New Era››, 2009-ին ‹‹Arrata Rebrith: Red Hail››, 2011-ին ‹‹A Fable››, 2013-ին ‹‹Shadow Theater››, 2014-ին ‹‹Mockroot››, 2015թ. ‹‹Լոյս ի Լուսոյ›› ալպոմները:

Տիգրանի թողարկած «Ծաղրարմատ» սկաւառակը կը տարբերի իր մնացած ալպոմներէն, այստեղ շատ է իր պատմութիւնը՝ «Եասամանը»՝ Տիգրանի մանկութեան տան բակի եասամանն է, «Երգ Մելանին եւ Ռաֆիկին»՝ տատիկին ու պապիկին է նուիրուած, «Կարս»՝ դարերու վէրքերը («Կարս 2»)։

«Սա փորձ է մէջս նայելու, ինքզինքս ճանչնալու, արմատներս հասկնալու։ Պէտք է բնութեան մօտ ըլլանք, փորձենք ճանչնալ մենք մեզ, մեր էութիւնը. բնութիւնը միշտ կը յաղթէ մարդկային բարդոյթները։ Այս ալպոմը տեսակ մը կարօտ ու կարօտախտ է մարդկայինի՝ դէպի հոգեւորը, դէպի սիրառատը, դէպի արմատները. անիկա տեսակ մը զոհաբերութիւն ունի իր մէջ, զոհաբերութիւն յանուն մարդակայինի ոգեշնչման»,-կ’ըսէ Տիգրան Համասեան։

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին