«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մերի Պէյքըր Էտի (16 Յուլիս, 1821, ԱՄՆ)-(3 Դեկտեմբերի, ԱՄՆ) Ամերիկացի գրող, սոցիալ-կրօնական գործիչ, «Քրիստոնէական գիտութիւն» կրօնական շարժման կազմակերպիչ: «Հոգեւոր բուժում», «Գիտութիւն եւ առողջութիւն, Աստուածաշունչի (Սրբազան աւանդութեան) բանալու մօտ» գիրքերու հեղինակ:
Ճիշտ է, որ գիտութիւնը կը բժշկէ: Եթէ մարդը կեղծաւոր է, ապա անոր
հոգեկան վիճակը կը դիմադրէ բուժիչ ուժերուն,
եւ նոյնը կարելի է ըսել հպարտներու, նախանձներու,
վաւաշոտներու ու մոլորեալներու վերաբերեալ…
Պէյքըր Էտի կը պնդէր, որ մարդը կրնայ ինքզինք բուժել (օրինակ՝ իր լաւատեսութեամբ), ղեկավարել ու վայելել իր կեանքը ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ հոգեպէս: Ան բուժման այդ ձեւը կ’անուանէր քրիստոնէական բուժման ձեւ:
Մերի Պէյքըր Էտին ըսած է, որ Աստուածաշունչի մէջ գրուած հրաշքները, որոնք կատարուած են Յիսուսի կողմէն, լիովին բացատրելի փաստեր են: Պաշտօնական կրօնական հաստատութիւնները «Քրիստոնէական գիտութիւններ» շարժումը կ’անուանեն շեղուածութիւն՝ աղանդ:
Մերի Պէյքըր ընտանիքի վեց երեխաներէն կրտսերն էր: Անոր ընտանիքի անդամները կաթոլիկ միաբանութեան անդամներ էին: Ինքը՝ Մերին չէր ընդուներ այնպիսի հասկացողութիւններ, ինչպիսիք են ճակատագիրն ու նախագուշակութիւնները: Անոր համար ալ միայն 17 տարեկանէն կը սկսի այցելել Սենպորթոն-Պրիտճ ծխական միաւորեալ եկեղեցի (այժմ կը կոչուի Թիլտոն): Դեռ վաղ մանկութենէն ան տառապած է բազմաթիւ խրոնիկական հիւանդութիւններով: Երբ Մերին կը սկսի ուսումնասիրել աստուածաշնչեան սուրբ գրութիւնները, անոր առաւել կը գրաւէ աստուածային բժշութիւնը:
1843 թուականի Սեպտեմբեր 10-ին Մերին կ’ամուսնանայ Ճորճ Ուաշինկթոն Կլովերի հետ։ Բայց ամուսնութենէն մէկ տարի անց ամուսինը դեղին տենդէն կը մահանայ, երկու ամիս անց կը ծնի անոնց որդին։
1853 թուականին ան կ’ամուսնանայ ատամնաբոյժ Դանիէլ Պետրսոնի հետ: Անոր կեսուրը վատ տրամադրուած էր կնոջ ու անոր առաջին ամուսնութենէն ծնած տղուն հանդէպ, իսկ ամուսինը ամուսնութենէն ետք կը սկսի դաւաճանել զինք: Ան գրաւի կը դնէէ Մերիի ողջ ունեծուածքը՝ զարդերը, գիրքերն ու գոյքը: Բայց այդ մէկը չի փրկեր իրավիճակը. անոնք կը սնանկանան եւ ստիպուած կը լքեն իրենց Կրոնոթի տունը: Մերին կը տեղափոխուի իր քրոջ տուն:
1862 թուականին Մերին կը դառնայ հիպնոսիստ եւ բժիշկ Գուիմպի Ֆինիսի խնամեալը: Անոր «բուժումը» կ’օգնէ կնոջը կատարելագործուելու եւ կ’ազդէ անոր աշխարհընկալման վրայ: Բժիշկի մահէն ետք ան ծանր հոգեբանական շրջան կ’ապրի, որուն ժամանակ ալ կը սկսի ուսումնասիրել Աստուածաշունչը: «Աւետարան ըստ Մատթէոսի» աշխատութեան մէջ ան կը կարդայ Յիսուս Քրիստոսի կատարած բուժիչ հրաշագործութիւններու մասին: Այդ ժամանակներէն ալ ձեռնամուխ կ’ըլլայ «Քրիստոնէական Գիտութիւններ» ուղղութեան ստեղծման:
Կրօնական նոր շարժման մասին մանրամասնօրէն շարադրուած են Մերի Պէյքըրի «Գիտութիւն եւ առողջութիւն» (1875) աշխատութեան մէջ, որ յետագային կը կոչուի «Գիտութիւն եւ առողջութիւն, Աստուածաշունչի (Սրբազան աւանդութեան) բանալու մօտ» անուամբ: Նոր ուսմունքի քարոզները տեղի ունեցած են Պոսթոնի մէջ կառուցուած յատուկ եկեղեցւոյ մէջ: «Քրիստոնէական Գիտութիւններ» ուղղութեան եկեղեցին կառուցուած է 1879 թուականի Ապրիլ 23-ին: Անիկա մինչ օրս գոյութիւն ունի եւ կը գործէ: Առաւել յայտնի է անբուժելի կամ ծանր հիւանդութեամբ տառապող մարդոց շրջանի մէջ:
«Հիւանդները բուժեցէ՛ք, մահացածները վերակենդանացուցէ՛ք, բորոտները մաքրեցէ՛ք, հրէշները այրեցէ՛ք»:
1873 թուականին Մերի Պէյքըր կ’ամուսնալուծուի Պատերսոնէն՝ զինք մեղադրելով դաւաճանութեան մէջ: