«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արշակ Չօպանեան: (15 Յուլիս 1872, Պոլիս – 8 Յունիս 1954, Փարիզ), գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ։
Ծնած է Պոլիս, Ակնցի ծնողներէ։ Յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը, ուր ուսուցիչ ունեցած է գրագէտներ (ինչպէս՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը)։
Դեռ պատանի կը մօտենայ «Արեւելք» օրաթերթի շրջանակին եւ լոյս կ՛ընծայէ թարգմանութիւններ՝ ֆրանսացի իրապաշտ գրագէտներէ։
Պահ մը ուսուցչութեամբ եւ հրապարակագրութեամբ զբաղելէ ետք, շուտով (1893) կը մեկնի Փարիզ, ուր կը ծանօթանայ ֆրանսացի գրական դէմքերու։
Պոլիս դարձէն եւ «Ծաղիկ» գրական թերթի հիմնումէն հազիւ երկու տարի անց, համիտեան սարսափներուն՝ 1896-ին կրկին կը մեկնի Փարիզ, այս անգամ վերջնականօրէն, հոն ճգնաւորի կենցաղով ամբողջ կեանք մը անցընելու համար։
1898-ին, կը հիմնէ «Անահիտ» գրական ամսաթերթը, որուն առաջին շրջանը կը հասնի մինչեւ 1911, եւ որ իր շուրջ կը խմբէ արեւմտահայ ու արեւելահայ գրագէտ ու արուեստագէտ բազմաթիւ կարեւոր դէմքեր։ Չօպանեան կը հրատարակէ գրական լուրջ վերլուծումներ հայ հին եւ նոր գրական դէմքերու մասին (Գրիգոր Նարեկացի, Քուչակ, Խաչատուր Աբովեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Կոմիտաս…)։
Երկար ընդհատումէ ետք, «Անահիտ» երկրորդ շրջան մը կ՚ունենայ 1929-1940-ին եւ վերջին շրջան մը՝ 1946-1949-ին։
Չօպանեանի ծաւալուն գրական գործունէութիւնը կը գտնէ լայն ճանաչում։ Կը տօնուին անոր յաջորդական յոբելեանները։ Կը ստանայ շքանշան՝ նաեւ «Ֆրանսական Ակադեմիա»յէն, յատկապէս թարգմանական իր գործին համար։
Մահացած է ինքանշարժի արկածի մը հետեւանքով։
Չօպանեան եղած է ՌԱԿի անդամ։ Ստեղծագործած է գրական բոլոր սեռերով։ Անոր բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Արշալոյսի ձայներ» (1891), «Թրթռումներ» (1892), «Քերթուածներ» (1908) գիրքերուն մէջ։ Լոյս տեսած են Չօպանեանի «Թուղթի փառք» (1892) հոգեբանական վիպակը, «Տղու հոգիներ» (1923) պատմուածքներու եւ պատկերներու ժողովածուն, «Մութ խաւեր» (1893), «Հրաշքը» (1923) թատրերգութիւններ եւ այլ երկեր։
Հայ գրականութեան մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի Չօպանեանի քննադատական եւ գիտական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Չօպանեան հրատարակած է միջանդարեան եւ նոր շրջանի գրական յուշարձաններ՝ Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակներու եւ ընդհանրապէս միջանդարեան հայրեններու ժողովածուները («Նահապետ Քուչակի դիւանը», 1902, «Հայրեններու բուրաստանը», 1940), «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» (1910), «Հայ էջեր» (1912) գիրքերը։ Կազմած եւ լոյս ընծայած է Պ. Դուրեանի (1894) եւ Մ. Պեշիկթաշլեանի (1907) երկերը, որոնց նուիրած է նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ։
Չօպանեան առաջինն է, որ Գրիգոր Նարեկացիի ժառանգութիւնը վերլուծած է իբրեւեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, Նարեկացին դասած է համաշխարհային գրականութեան հսկաներու կողքին։
Չօպանեան-քննադատը յօդուածներ նուիրած է Խ. Աբովեանին, Ղ. Ալիշանին, Յ.Պարոնեանին, Գ. Սունդուկեանին, Րաֆֆիին, Պ. Պռոշեանին, Ա. Շիրվանզադէին, Համաստեղին եւ ուրիշներու (զգալի մասը ամփոփուած է «Դէմքեր», հ. 1-2, 1924-29, ժողովածուներ)։
]
Չօպանեանի գեղագիտական հայեացքներու հիմքը իրապաշտ արուեստի սկզբունքներն են, որոնց մէջ ան տեսած է կեանքին արձագանգելու եւ ժողովուրդին ծառայելու լաւագոյն ուղին, թէեւ բարձր գնահատած է նաեւ վիպապաշտ ուղղութեան պատմական նշանակութիւնը։
Չօպանեան յօդուածներ նուիրած է նաեւ արեւմտա-եւրոպական (Վ. Հիւկօ, Պալզաք, Է. Զոլա, Հ. Իպսէն ) եւ ռուս (Ա. Փուշքին, Ն. Կոկոլ, Ի. Տուրկենեւ, Լ. Թոլսթոյ) գրողներուն։ Ռուս գրականութեան մէջ բարձր գնահատած է «Վեհանձն գթութեան ոգին, մարդկային լայն եղբայրութեան մը բուռն ծարաւը, բացարձակ արդարութեան բաղձանքը, կեանքի ուղղակի դիտողութեան եւ պարզ ու հաւատարիմ արտայայտութեան ձգտումը, արուեստը առանց արուեստականութեան…» («Անահիտ», 1909, N 1-2, էջ 47)։
Չօպանեան մեծ աշխատանք կատարած է հայ գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ ծանօթացնելու եւ հայ ժողովուրդին դատը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Անձնական կապեր հաստատած է ժամանակակից եւրոպացի գրողներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ Թարգմանած է եւ ֆրանսերէնով հրատարակած է հին ու նոր շրջանի հայ բաանստեղծներու բազմաթիւ երկեր։ Այդ աշխատանքին պսակը եղած է «Վարդենիք Հայաստանի» ֆրանսերէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժողովածուն։
1933-ին այցելած է հայրենիք։
Չօպանեանի գրական-հասարակական գործունէութիւնը բարձր գնահատած են՝ Յ. Թումանեան, Ա. Շիրվանզադէ, Ա. Իսահակեան, Ա. Ֆրանս, է. Վերհառն, Ռ. Ռոլան, Վ. Պրիւսով եւ ուրիշներ։